Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Լիբանանի Պաշտօնատարները Նոր Կառավարութեան Կազմաւորման Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Կը Նախատեսեն Յառաջիկայ Օրերուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ եւ սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխաններէն մէկը՝ Ֆայսալ Քարամին, առանձին յայտարարութիւններով յայտնեցին, որ յառաջիկայ օրերուն յառաջընթաց կը նախատեսեն նոր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ:
Ֆայսալ Քարամի ըսաւ, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ տեղեակ չէ որեւէ նոր զարգացումի:
«Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին յաջողութիւն կը մաղթենք իր առաքելութեան եւ ազգային միասնական կառավարութիւն կազմաւորելու յանձառութեան մէջ»,- ըսաւ Քարամի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ հանդիպելէ ետք, վերջինիս Այն Ալ Թինէի նստավայրին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին