Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ Արհեստագիտութիւններու առաջին տարածաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6000 առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ ամբողջապէս ընդելուզելու ու նորարարական լուծումներ առաջարկելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական, ելեւմտական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, լրատուադաշտի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ։
«Գալաքսի» ընկերութիւններու խումբը կը փոխանցէ, թէ նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու զբօսավայրը պիտի տարբերուի իր տեսակով ու ծաւալով։ Ներկայիս, աշխարհի մէջ բազմաթիւ են փոքր ու միջին զբօսավայրեր՝ բացառապէս ՏԱ կամ ճարտարագիտական ուղղութեամբ։ Երեւանի մէջ կառուցուող զբօսավայրը ԱՊՀ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու մէջ կառուցուող առաջին բազմաճիւղ զբօսավայրը պիտի ըլլայ ՏԱ-ին զուգահեռ ներկայացուած ոլորտներու եւ ընկերութիւններու աշխարհագրութեան տեսանկիւնէն։
Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու զբօսավայրի փիլիսոփայութիւնը նորարարութիւններ ծնող «բնապահպանական համակարգ»ի ստեղծումն է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ կրթական, հետազօտական եւ զարգացման ծաւալուն ծրագիրներու իրականացումով եւ ոլորտը ներկայացնող կառոյցներու ներգրաւումով։ Զբօսավայրին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան «սթարթ-ափներ» ու վենչուրային ֆոնտեր, պիտի ներդրուին «ինկուբացիոն» ու «աքսելերացիոն» ծրագիրներ։
Զբօսավայրը կը յաւակնի դառնալ այն հաւաքատեղին, ուր ՏԱ-ն հանդիպելով տնտեսութեան առանցքային ուղղութիւններուն հետ, պիտի սահմանէ յաջորդ սերունդի սպառման ապրանքներու եւ ծառայութիւններու նորարարութիւն՝ դառնալով Հայաստանի ու հայկական նորարարական մտքի այցեքարտը աշխարհի մէջ։
Ծրագիրին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Գալաքսի» ընկերութիւններու խումբին՝ հայկական ՏԱ համայնքին հետ համատեղ։ Գործընթացի ծրագրաւորման աշխատանքները տեւած են աւելի քան 2 տարի, եւ ծաւալուն այս ծրագիրին մանրամասսնութիւնները պիտի հրապարկուին շուտով։