«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յակոբ Սեդրակ Անասեան (15 Մայիս 1904, Էսկիշեհիր – 29 Յունուար 1988, Լոս Անճելըս): Գիտաշխատող, հմուտ պատմաբան-աղբիւրագէտ, մատենագէտ ու բանասէր:
Ծնած է Էսկիշեհիր 15 Մայիս 1904-ին: Ուսումը ստացած է Վենետիկի Ս. Ղազարի բարձրագոյն վարժարանին մէջ: 1947-ին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան՝ հաստատուելով Երեւան: 1947-էն պաշտօնի կոչուած է ՀՍՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ իբրեւ գիտաշխատող: Միացեալ Նահանգներ արտագաղթելով՝ այցելու դասախօս դարձաւ Եու.Սի.Էլ.Էյ. համալսարանի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնին:
Յակոբ Սեդրակի Անասեան մահացաւ 29 Յունուար 1988-ին Լոս Անճելըս:
Գիտական աշխատութիւններ, նոր փաստեր, արեւմտահայ ազատագրական շարժումներ
Յ. Անասեան ամբողջապէս նուիրուած է գիտական աշխատանքի: Ան հանդէս եկած է որպէս հմուտ պատմաբան-աղբիւրագէտ, մատենագէտ ու բանասէր: Իր գիտական գործունէութեան ընթացքին Յ. Անասեան ի յայտ բերաւ 17-րդ դարու արեւմտահայ ազատագրական շարժումներու մասին նոր փաստեր:
Իր հետազօտութեանց գլխաւոր առանցքը դարձնելով 17-րդ դարու ազգային-ազատագրական շարժումներն ու լեհ-թրքական յարաբերութիւններու պատմութիւնը՝ հրատարակեց բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Բնագրագիտական հրապարակումներ
Նշանակալից են Յ. Անասեանի բնագրագիտական հրապարակումները: Ան շրջանառութեան մէջ դրաւ Բիւզանդիոյ անկումի շրջանին եւ 17-րդ դարու լեհ-թրքական յարաբերութիւններու պատմութեան վերաբերող հայկական աղբիւրները եւ Վարդան Այգեկցիի «Արմատ Հաւատոյ» երկը: