«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արմէն Տորեան (28 Յունուար 1892, Մակեդոնիա – 1915)՝ հայ բանաստեղծ, ուսուցիչ, խմբագիր, գրած է ֆրանսերէն եւ հայերէն։ 23 տարեկանին ձերբակալուած է Եղեռնի ժամանակ եւ սպաննուած։
Հայրը կամուրջներու եւ ճամբաներու շինարար եղած է։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Վիեննայի Մխիթարեաններու դպրոցէն եւ 1911-ին մեկնած է Փարիզ, ուր, Սորպոնի դասընթացքներուն հետեւելով հանդերձ, իր շուրջը հաւաքած է խումբ մը երիտասարդ բանաստեղծներ եւ հիմքը դրած «Համաստուածեան» գրական դպրոցին, որ կը հրատարակէ իր պաշտօնաթերթը՝ «Արէն» («Ասպարէզ») եւ իր յարձակումներուն թիրախը կը դարձնէ «սերտողութեան եւ սեթեւեթանքի սիրահար մարդիկ՝ զէնքի կոչելով ձախակողմեան երիտասարդներուն»՝ յանուն «բանաստեղծութեան հրաշքի» ժողովրդականացման։ Այդ տարիներուն «տորեանական բանաստեղծական շարժումին» մասին գրած են. «Խորհրդապաշտներէն ետք Ֆրանսայի մէջ ոչ ոք տեսած է նման բուռն եռանդ, այսքան վսեմ թռիչք եւ այսքան գեղեցիկ երազներ…»։ Կարճ ժամանակի մէջ Տորեանը կը դառնայ դպրոցի ամենայայտնի դէմքը՝ աշխատակցելով Փարիզի եւ այլ քաղաքներու բազմաթիւ թերթերուն եւ հանդէսներուն։ Առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին Վիեննայի Մխիթարեաններու դպրոցին տնօրէնութիւնը ուսուցչապետի պաշտօնով Ա. Տորեանը կը հրաւիրէ Պոլիս, ուր բանաստեղծը կը սկսի հինգ տարբեր հաստատութիւններու մէջ ֆրանսերէն դասաւանդել եւ միաժամանակ տեղական մամուլին մէջ լոյս ընծայել հայերէն եւ ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններ։ 1915-ի Ապրիլ 24-ի գիշերը հայ մտաւորականութեան հետ կը ձերբակալուի նաեւ Արմէն Տորեանը, կ’աքսորուի Չանղըրը, ապա կը նետուի Էնկիւրիի բանտը, ուրկէ խումբ մը բախտակիցներու հետ կը քշուի երկրի խորքերը եւ ի վերջոյ բախտակից կը դառնայ մեծ նահատակներու ճակատագիրին։
Աշխատութիւններ
1933 թուականին Արմէն Տորեանի եղբօր՝ Զենոբ Սուրէնեանի եռանդուն ջանքերուն շնորհիւ լոյս կը տեսնէ եղերաբախտ բանաստեղծի միակ գրքոյկը՝ «Հայազգի ֆրանսացի բանաստեղծ մը» խորագրով։ Բացի այս հատորիկէն՝ Տորեանի հայերէն բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են ժամանակի հայ մամուլին մէջ, իսկ իր ֆրանսերէն գործերու ստուար մասը կը մնայ ժամանակի ֆրանսական թերթերուն եւ հանդէսներուն էջերուն մէջ։