Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Նարեկ Քհն․ Հեճինեան Ստացաւ Աւագութեան Աստիճան (լուսանկարներ)

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ ընդառաջելով իր խնդրանքին աւագութեան աստիճան շնորհած է եկեղեցւոյ հովիւ Արժ․ Տ․ Նարեկ Քհն. Հէճինեանին, առ ի գնահատանք իր բազմամեայ վաստակին։ Առ այդ, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որ ընթերցեց Սրբազան Առաջնորդը։ Կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կ’արժեւորեր քահանայ հօր նուիրեալ ծառայութիւնը եւ կը մաղթեր, որ այս աստիճանը խթան հանդիսանայ՝ շարունակելու իր ծառայութիւնը Լիբանանի Հայոց Թեմին մէջ։

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Նարեկ Աւ. Քհն. Հէճինեան եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ իր անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր երկար տարիներու ծառայութիւնը արժանավայել կերպով գնահատած է։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին