Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հրաչեայ Քոչար (Գաբրիէլեան) (19 Յունուար (1 Փետրուար) 1910, Արեւմ. Հայաստան – 2 Մայիս 1965, Երեւան), հայ արձակագիր, հրապարակախօս, ՀԽՍՀ պետական մրցանակի առաջին դափնեկիր (1967, «Նահապետը» վիպակին համար), ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ (1934-էն):

Ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Բագրեւանդ գաւառի Ղումլիպուճաղ գիւղը։ Գաղթի ժամանակ կորսնցուցած է ծնողքը: Փրկուելով թուրքերու իրականացուցած կոտորածներէն՝ ան իր համագիւղացիներուն հետ անցած է Արեւելեան Հայաստան (Հայաստանի Արարատեան դաշտի գիւղերը): 1927-ին կ՛անցնի Երեւան, կ’ամբողջացնէ ուսումը ու կը վարէ խմբագրական պաշտօն։ 1930-ականներուն կը գրէ իր առաջին վիպակներն ու պատմուածքները։

Կ’անցընէ ճակատներու վրայ։ Պատերազմէն դարձին, վարչական-խմբագրական բարձր դիրքերու կ’ըլլայ՝ Գրողներու միութեան քարտուղար, խմբագիր «Սովետական գրականութիւն» պաշտօնաթերթին, 1954 թուականին՝ խմբագիր «Ոզնի» երգիծական հանդէսին։ Կը հրատարակէ վէպեր, հրապարակագրական գործեր՝ մեծ մասամբ նուիրուած խորհրդային (ոչ ազգային) նիւթերու։ Կեանքին վերջին տարիներուն, ուշագրաւ վերադարձով մը իր ազգային ակունքներուն Հ. Քոչար կը գրէ ներշնչեալ վիպակներու շարք մը՝ «Սպիտակ գիրքը», որուն մաս կազմող «Նահապետ»-ը, «Կարօտ»-ը եւ այլ կտորներ կը տարածուին ու կը ճանչցուին նաեւ շարժանկարի ճամբով։ Անոնք նոր արժէք կու տան իր գործին։ Մահացած է Երեւան։

 

Իր գործերէն՝

«Օգսէն Վասպուրի ճանապարհորդութիւնը», «Ժամանակներ», «Հերոսների ծնունդը» (Նամակներ), «Բարեկամութիւն», «Մեծ տան զաւակներ», «Սպիտակ գիրքը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին