Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԱԼԱՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՄԻԼՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ալան Ալեքսանտր Միլն (անգլ.՝ Alan Alexander Milne, 18 Յունուար 1882, Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն – 31 Յունուար 1956, Hartfield, Wealden, East Sussex), անգլիացի գրող, բանաստեղծ։ Winnie-the-Pooh-ի մասին պատմութիւնները Միլն ստեղծած է իր որդիին՝ Քրիստոֆեր Ռոպին Միլնի համար (1920-1996): Մինչեւ Winnie-the-Pooh-ի մասին գիրքի հրատարակութիւնը, Միլն արդէն բաւականին յայտնի թատերագիր էր, սակայն ան յայտնի է առաջին հերթին Winnie-the-Pooh-ի մասին իր ստեղծագործութիւններով։

Ալան Ալեքսանտր Միլնը ծնած է Լոնտոն։ Ան սորված է մասնաւոր դպրոցի մը մէջ, որուն սեփականատէրն էր իր հայրը՝ Ճոն Միլնը (John Vine Milne): 1889—1890 թուականներուն իր ուսուցիչներէն էր Հերպերթ Ուելսը։ Յետոյ ընդունուած է Ուեսթմինսթըրեան դպրոց, այնուհետեւ Քեմպրիճի Թրինիթի գոլէճ, ուր 1900-1903 թուականներուն ուսումնասիրած է թուաբանութիւնը։ Ուսանողական տարիներուն ան նիւթեր կը գրէր ուսանողական «Grant» թերթին համար։ Սովորաբար ան կը գրէր իր եղբօրը՝ Քեննեթին հետ, եւ անոնք կը ստորագրէին ԱՔՄ անունով։ Միլնի հետ սկսաւ գործակցիլ բրիտանական «Punch» ամսագիրը։ Հետագային Միլն սկսաւ աշխատիլ հոն որպէս խմբագիրի օգնական։

Միլնը՝ որպէս բրիտանական բանակի սպայ, մասնակցած է առաջին համաշխարհային պատերազմին։ Ան աշխատած է բրիտանական հետախուզութեան քարոզչական ենթակառոյցին մէջ՝ MI7: Աւելի ուշ ան գրած է «Պատուով խաղաղութիւն» գիրքը, ուր քննադատած է պատերազմը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին