Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մատթէոս Զարիֆեան (16 Յունուար 1894, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս) – 9 Ապրիլ 1924), հայ նշանաւոր բանաստեղծ։

Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծ մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս Պետրոս Դուրեանի, նոյնպէս ալ իրեն վրայ: Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպերթ գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ: Վերջինս աւարտած է 1913-ին։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով:

1913-ին ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա որպէս անգլերէնի եւ մարմնակրթութեան ուսուցիչ։ Հոս է որ մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ’ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ Լիբանան` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։

Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբրեւ պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի էր արդէն։ Այս փուլին է որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ: Կը սկսի «Ճակատամարտ» թերթին մէջ լոյս ընծայել իր բանաստեղծութիւնները։ Իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է 1918-ի զինադադարէն ետք, իսկ առաջին գիրքը՝ 1921-ին՝ «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»-ը, երկրորդը՝ 1922-ին՝ «Կեանքի ու մահուան երգեր»-ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։

Ան կը համարուի Դուրեանի, Մեծարենցի եւ Տէրեանի բախտակիցը, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։

1924 թուականին կը մահանայ Կ. Պոլիս 30 տարեկան հասակին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին