ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Բազմանդամ ընտանիքը…
Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ այլ Արեւմտեան երկիրներու մէջ ընտանիք մը կը բաղկանայ երկու կամ երեք զաւակներէ։ Հազուագիւտ երեւոյթ մը կ’ըլլայ, երբ ընտանիքի մը զաւակներուն թիւը անցնի հինգը կամ վեցը։ Ահաւասիկ այսօրուան մեր նիւթը այդ հազուագիւտ ընտանիքներէն մէկուն մասին է։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Մայքըլ եւ Թերի Հաթհորն կ’ապրին Արքանսա նահանգի Հաթ Սբրինկս քաղաքը։ Աստուած զիրենք բախտաւորած է չորս զաւակներով, որոնք արդէն դարձած են մեծահասակ՝ 32-20 տարեկան։ Հաւանաբար, ըստ ամերիկեան սովորութեան՝ անոնք շատոնց ձգած են իրենց հօրենական տունը…
Չես գիտեր՝ ինչո՛ւ՝ թերեւս մարդասիրական զգացումներէ մղուած եւ կամ առանձնութենէ տառապելով՝ Հաթհորն զոյգը 2018-ի Ապրիլ ամսուան ընթացքին որդեգրած են քոյր մը (3 տարեկան) եւ եղբայր մը (1 տարեկան), որոնք սեւամորթ են։
Այսքանը շատ բարի եւ հասկնալի, սակայն նոյն տարուան 3 Դեկտեմբերին Մայքըլ եւ Թերի Հաթհորն որդեգրեցին նաեւ 7 եղբայրներ եւ քոյրեր՝ 5-8 տարեկան։ Այսպիսով, այդ ընտանիքի զաւակներուն թիւը հասաւ 13-ի, որը իսկապէս բացառութիւն մըն է մեր օրերուն, չէ՞ք խորհիր:
Տասըն ընտանիքի այդ զաւակները (տես նկարը) վերջին աւելի քան երեք տարիներուն ընթացքին կ’ապրէին խնամակալ ընտանիքներու (foster care) քով։ Ուրեմն անոնց ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր, երբ բոլորը միատեղ ընդունուեցան ընտանեկան նոյն յարկին տակ։
Յաճախ կը գանգատինք, որ ամերիկացիները եսամոլ են եւ դրամասէր, սակայն կան նաեւ ամերիկացիներ, ինչպէս վերոյիշեալ մեր զոյգը, որ արդարօրէն կը փաստէ, թէ չափազանց կարեկից են օգնութեան պէտք ունեցող մարդկանց նկատմամբ, որոնց մենք տեղեակ չենք։
Մեզի կը մնայ երեւոյթները չընդհանրացնել երբեք եւ գոհանալ միայն ներկայացնելով դէպքերն ու պատահարները, ինչպէս որ անոնք տեղի կ’ունենան զանազան շրջաններու մէջ Ամերիկայի հսկայ տարածքին։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ…
Մահաքուն եւ յղի՞ …
Այս դէպքը պատահած է Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքին մէջ։ Արդարեւ, 14 տարիէ ի վեր մահաքունի մէջ գտնուող 29 տարեկան կին մը անցեալ Դեկտեմբեր ամսուան 29-ին ծնունդ տուած է մանչ երեխայի մը։ Կնոջ ինքնութիւնը գաղտնի կը պահուի հասկնալի պատճառներով։
Մարդ արարածը կրնա՞յ ասկէ աւելի ստորին արարք մը գործել։ Ի՞նչ ըսել է 14 տարիէ ի վեր մահաքունի (coma) մէջ գտնուող կնկայ մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ… Այդ անձը պէտք է ամէն զգացումէ զուրկ արարած մը եղած ըլլայ, որ կարենայ այդպիսի անմարդկային, չըսելու համար՝ գազանային վարմունքի մէջ գտնուիլ։
Կրնա՞ք երեւակայել, որ այդ անձին վստահուած էր հիւանդին հոգատարութիւնը վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, թէեւ տակաւին յայտնի չէ, թէ ո՞վ է ենթական։ Հիմա քաղաքի ոստիկանութիւնը այդ հիւանդանոցի աշխատողներէն կը պահանջէ, որ ենթարկուին DNA-ի (ժառանգական իւրայատուկ յատկութիւն) քննութեան, որպէսզի ոճրագործը բացայայտուի։
Մինչ այդ, հետաքրքրական է գիտնալ ու Հասիէնտա առողջապահական կեդրոնի վարիչ տնօրէնը՝ Պիլ Թիմընսը, հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Իսկ կեդրոնի խնամակալ մարմինի փոխատենապետ Կերի Օրմըն հաստատած է, որ ջանք պիտի չխնայեն գործածկցելու ոստիկանութեան հետ, որպէսզի երեւան գայ յանցագործը եւ իր արդար պատիժը գտնէ։
Հոս պէտք է աւելցնել, որ մահաքունի մէջ յղիացած կինը կը պատկանի Ամերիկեան հնդիկներու աբաշի ցեղին։ Բայց կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ ազգութեան կը պատկանի ան, այնքան ատեն որ մարդ արարած է եւ ինքզինք պաշտպանելու անկարող վիճակի մէջ կը գտնուի, չէ՞ք խորհիր: