«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եոհան Եաքոպ Ֆրիտրիխ Ուիլհելմ ֆոն Փարրոթ (գերմաներէն՝ Johann Jakob Friedrich Wilhelm von Parrot, 14 Հոկտեմբեր 1791, Քարլսրուէ (գերմաներէն՝ Karlsruhe), Գերմանիա – 15 Յունուար 1841, Դորպատ, Ռուսիոյ կայսրութիւն, ներկայիս՝ Թարթու, Էսթոնիա):
Եոհան մասնագիտացած է բնագիտութեան եւ բժշկութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է առաջին անձը, որ բարձրացած է Արարատի գագաթը (1829 թուականին):
Ֆրիտրիխ ծնած է 14 Հոկտեմբեր 1791 թուականին Գերմանիոյ Քարլսրուէ քաղաքը։ Ուսանած է Դորպատի համալսարանի բնագիտական բաժինը, աւարտած է ոսկի մետալով։ 1811 թուականէն սկսեալ, ուսանող ըլլալով կ’ուղղուի շատ մը ճանապարհորդութիւններու։
Աւարտելով իր աշխատանքը՝ Ֆրիտրիխ նորէն կը սկսի յաճախել համալսարան, այս անգամ բժշկութեան բաժինը։ 1814 թուականին կը ստանայ բժշկութեան համալսարանի աստիճանը ու կը ճամբորդէ Գերմանիա՝ բժշկութիւնը ուսումնասիրելու եւ հետազօտելու նպատակով։ 1815 թուականէն սկսեալ աշխատած է ռուսական բանակին մէջ որպէս բժիշկ: Իսկ երբ զօրքերը Ֆրանսայէն վերադարձան, Ֆրիտրիխ կրկին շարունակեց զբաղիլ գիտական աշխատանքներով տարբեր քաղաքներու մէջ, օրինակ՝ Պեռլին, Փարիզ, Վիեննա եւ Միլան:
Ուղեւորութիւն դէպի Արարատ լեռը
1829-ին չորս ուսանողներուն հետ, որոնցմէ մին Խաչատուր Աբովեանն էր, Ֆրիտրիխ Փարրոթը բարձրացաւ Արարատ լեռը, Սեպտեմբեր 27-ին անոնք հասան Մեծ Մասիս գագաթը, ուր կատարեցին շարք մը օդերեւութաբանական եւ մագնիսաբանական դիտարկումներ: