«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գրիգոր Քէշիշեան, (12 Օգոստոս 1921 – 14 Յունուար 1980): Հայ արձակագիր, թարգմանիչ, 1946-էն՝ ԽՍՀՄ Գրողներու միութեան անդամ։
Հայրը, որ բնիկ Վահկացի էր, եղած է Սիսի 1921-ի ինքնապաշտպանական հերոսամարտի ղեկավարներէն։ Ծնած է Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի մէջ, ապա աւարտած Կիպրոսի «Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը։ 1946 թուականին ներգաղթած է Հայաստան, ուր աւարտած է համալսարանի բանասիրական ճիւղը։ Աշխատած է զանազան թերթերու եւ հայկական հանրագիտարանի խմբագրութեան մէջ։
Մահացած է Երեւան։
Գլխաւոր գործերը
Գրած է պատմուածքներ եւ վիպակներ։ Պատմուածքներու ժողովածուներն են՝ «Մեծ ճանապարհի վրայ», «Պատմուածքներ», «Քեզնից հեռու քեզ հետ» եւ այլն։ Իր վիպակներէն են՝ «Կտակը», «Կղզի նման չիք մեր Կիպրեայ»: