Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Խմբագրատանս Մէջ Հայրենի Հիւրերու Հետ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ հռչակելու առիթով՝ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող խորհրդակցական հանդիպումներուն մասնակցելու համար հիւրաբար Պէյրութ գտնուող՝ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան եւ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ լրագրողներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան երէկ յետմիջօրէին այցելեցին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն:

Այցելութիւնը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու Հայ մամուլին աւելի եւս զարգացման դիմաց ծառացող կարգ մը խնդիրներ ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքներու եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայ համայնքի յետ առնչուող հարցեր:

Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ զրուցելու իւրաքանչիւր կողմի փորձառութեան մասին ինչպէս նաեւ փորձի եւ նորարարական գաղափարներու  փոխանակումի:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին