Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նիկողայոս Ադոնց (Տէր-Աւետիքեան) (10 Յունուար 1871- 27 Յունուար 1942), հայ պատմաբան, հայագէտ, բիւզանդագէտ եւ բանասէր։

Նիկողայոս Ադոնց ծնած է 1871-ին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Բռնակոթ գիւղը (Սիսիան): Ուսած է Տաթեւի ծխական դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ: 1899-ին ոսկէ պարգեւանշանով աւարտած է Փեթերսպուրկի համալսարանի արեւելեան լեզուներու եւ պատմա-բանասիրական ճիւղերը: Աշակերտած է Նիկողայոս Մառին։

Հեղինակ է «Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում» (ռուս., 1908, անգլ., 1969, հայ., 1987) կոթողային մենագրութեան, ուր մանրամասն կու տայ Հայաստանի պատմաաշխարհագրական նկարագիրը, կը լուսաբանէ վաղ միջնադարեան Հայաստանի նախարարական կարգն ու հողատիրութեան հիմնարկները, Հայաստանի քաղաքական կացութեան վերաբերող հարցեր։

Ադոնցը ձգած է հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով գրուած շուրջ 80 արժէքաւոր գիտական աշխատութիւններ՝ նուիրուած գլխաւորապէս հայ ժողովուրդի միջնադարեան պատմութեան ու գրականութեան, հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններուն, հայ-յունական բանասիրութեան, առասպելաբանութեան, կրօնին, լեզուաբանութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին