Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՄԱՆՈՒԷԼ ՇԱՇԻԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մանուէլ Շաշիեան (25 Դեկտեմբեր 1775 – 9 Յունուար 1858), հայ բժիշկ։

Ծնած է Պոլիս 25 Դեկտեմբեր 1775-ին։ Մանուկ հասակէն Իտալիա գացած եւ իր ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանէն ներս, ուր մայրենի եւ օտար լեզուներու մէջ հմտանալէ զատ գիտութեանց մէջ ալ կը հմտանայ ու 1795-ին կ’արձանագրուի Բատուայի բժշկական համալսարանը։ Հինգ տարի աշակերտելով սոյն համալսարանին՝ կ’աւարտէ իր ուսմանց ընթացքը: 25 տարեկանին արդէն վկայեալ բժիշկ էր։ Քիչ մը ատեն եւս մնալով Իտալիա՝ 1801-ին կը վերադառնայ Պոլիս։

Գրական շատ մը աշխատութիւններ ունեցած է, որոնք Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին մէջ այրած են։

Մահացած  է 1858-ի Յունուար 9-ին՝ 83 տարեկան հասակին եւ թաղուած է Բանկալթիի Ս․ Յակոբայ հիւանդանոցի պարտէզը, սակայն հետագային տեղափոխած են իր աճիւնները (յայտնի չէ, թէ ո՛ւր):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին