ՌԱԿ «Շուշան Վարդենի» Ակումբի Նոր Տարուան Աւանդական Ձեռնարկը
ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
ՌԱԿ «Շուշան Վարդենի» ակումբի տիկինները եւ օրիորդները գեղեցիկ աւանդութիւն մը կը պահեն, որ Նոր տարուան առիթով կազմակերպուած Կաղանդ Պապայի ձեռնարկն է:
Արդարեւ, Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահ սկսան ժամանել փոքրիկներ՝ իրենց ծնողներուն եւ մեծ մայրերուն կամ մեծ հայրերուն ձեռքէն բռնած: Ի՜նչ գեղեցիկ տեսարան էր տեսնել այդ պտլիկները ուրախ ու զուարթ տրամադրութեամբ: Ներկայ էին նաեւ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան՝ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ բարեկամներ:
Նոր տարուան նուիրուած այս ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց «Շուշան Վարդենի» ակումբի ատենապետուհի ընկ.հի Մակի Մարկոսեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յոյս յայտնեց, որ 2019-ն ըլլայ մաղթանքներու իրականացման տարի:
Ան իր խօսքով զուգահեռ մը ստեղծեց հայկական Նաւասարդի եւ մեր Նոր Տարիին միջեւ ներկաներուն յիշեցնելով, որ Նաւասարդեան օրերը հայերը կը տօնէին առանձին շուքով, որ կը համարուէր ամենահանդիսաւոր եւ ուրախալի տօնը:
«Հայկական բոլոր ընտանիքներուն մէջ Նաւասարդը կը դիմաւորէին մեծ խրախճանքով։ Այդ օրը իւրայատուկ կերակուրներ եւ ուտելիք կը պատրաստէին։ Ճոխ սեղան կը բանային եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախութեամբ կը դիմաւորէին Նաւասարդը:
Կար նաեւ տոպրակ կախելու սովորութիւնը։ Երդիկներէն կը կախէին գոյնզգոյն գուլպաներ, այն ակնկալութեամբ, որ անոնց մէջ Նոր տարուան նուէրներ կը յայտնուին» ըսաւ ընկ.հի Մարկոսեան։
Շարունակելով իր խօսքը, ՌԱԿ Շուշան վարդեի ակումբի ատենապետուհին հաստատեց, որ Նաւասարդեան օրերը կը կրէին փաստօրէն ազգային–ժողովրդական բնոյթ։ Կ’իշխէին զուարճութիւնը, տօնահանդէսները, երգն ու պարը։ Նաւասարդեան տօնի առթիւ հաւաքուած բազմութիւնը իրեն հետ կը բերէր նաեւ տարուան պտուղներու առաջին բերքը։ Այդ ժամանակ կը կատարուէին մեծահանդէս արարողութիւններ, տեղի կ’ունենային ձիարշաւներ, եղջերուներու վազք եւ հազարաւոր աղաւնիներ կը թռցնէին։
«Երբ չորրորդ դարու սկիզբը Գրիգոր Լուսաւորիչ Մեծ Հայքի մէջ տարածեց քրիստոնէութիւնը, հեթանոսական տօներէն շատերը փոխարինուեցան քրիստոնէականով։ Ժողովրդական բազմաթիւ տօներ պահպանուեցան, անոնց որոշ չափով տրուեցաւ նոր բովանդակութիւն, եւ ահաւասիկ այդ է, որ միասնաբար կը տօնենք այսօր՝ այստեղ» եզրափակեց ընկ.հի Մարկոսեան:։
Ապա ընկ.հի Մարկոսեան փոքրիկներէն խնդրեց մասնակցիլ պատրաստուած ծրագրին ու բարի վայելում մաղթեց բոլորին:
Կաղանդ Պապուկի խումբը գեղեցիկ ծրագիր մը պատրաստած էր փոքրիկներուն համար: Բոլորը ուրախ էին եւ խանդավառութիւնը չափ ու սահման չունէր: Վերջապէս հասաւ Կաղանդ Պապան, որ հեռու տեղէ կու գար ու, հակառակ յոգնած ըլլալուն, ջանք չխնայեց փոքրիկները ուրախ պահելու համար իր հաճոյախօսութեամբ եւ կատակներով: Ան բաժնեց իր նուէրները՝ բոլոր փոքրիկներուն դէմքերուն ժպիտ գծելու համար:
Պէտք է ուրախութեամբ արձանագրել, որ «Շուշան Վարդենի» ակումբի վարչականները ջանք չէին խնայած, որ ձեռնարկը հաճոյք պարգեւէր բոլոր մասնակցողներուն:
Շնորհակալութեան մասնաւոր խօսք «Լիպպիս» ընկերութեան՝ իրենց կատարած նուէրին համար:
Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպիչներուն, մասնակցողներուն եւ նուիրատուներուն:
***
Օրուայ Նուիրատուները
Մազլումեան Հաստատութիւն՝ Ոսկէ խաչքար:
Տէր Եւ տիկ. Կարապետ Պապահէքեան 500,000 լ.ո.
Տէր եւ տիկ. Յակոբ Գասարճեան 200,000 լ.ո.
Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան 200,000 լ.ո.
Տոքթ. եւ տիկ. Աւետիս Տագէսեան 200,000 լ.ո.
Մայրերու նուէրը Մի Ոմն