«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գէորգ Արշակեան (28 Փետրուար 1928, Արմաւիր, Ռուսիոյ ԽԴԸՀ – 31 Դեկտեմբեր 2002, Երեւան), հայ գրող։
Ծնած է 1928ին Արմաւիր։ Դեռ մանուկ հասակին կը տեղափոխուի Հայաստան։ Երկու տարի կը սորվի Լենինականի թիւ 3 միջնակարգ դպրոցին մէջ։ Յետոյ կը փոխադրուի Երեւան, ուր կը ստանայ միջնակարգ ուսում։ Կը սկսի աշխատիլ 13 տարեկանէն։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստանալէն ետք, խորհրդային բանակին մէջ կը ծառայէ մինչեւ 1951: 1951էն սկսեալ կ’աշխատի բնագիտութեան հիմնարկի Արագածի գիտաշխատանոցին մէջ, իսկ 1963ին՝ վարչա-մշակութային պատասխանատու պաշտօններու մէջ։ 1963ին որպէս խմբագիր կ’աշխատի հեռուստատեսութեան եւ ռատիօ-հաղորդումներու պետական կոմիտէին մէջ։ 1966-78ին կը դառնայ «Սովետական գրող» (մինչեւ 1976ի կէսերը «Հայաստան») հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ, իսկ 1979-81ին՝ «Սովետական գրող» հրատարակչութեան մանկապատանեկան գրականութեան խմբագրութեան գլխաւոր խմբագիր։ 1983ի Դեկտեմբերէն կը դառնայ Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէն։
1969ին հրատարակած է վէպ ու վիպակներ «Թրաշուշաններ» («Սեւ եւ սպիտակ կարապներ») «Դաղձի բոյր», «Գնացքներ»: Ունի նաեւ թարգմանութիւններ։
Մահացած է 2002ին Երեւան: