«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ Պունտեսթակի Կանաչներու կուսակցութիւնը զեկոյց կազմած է, ուր Սուրիոյ Աֆրինի, Ազեզի, Էլ Պապի եւ Ճերապլուսի շրջաններուն մէջ թրքական ԶՈՒ իրականացուցած գործողութիւնները եւ անոնց կողմէ այդ տարածքներուն վրայ իրականացուող վերահսկողութիւնը որակուած է որպէս ռազմական գրաւում: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական t24.com.trն:
Կուսակցութեան նախագահ Սելիմ Տաղտելենը Գերմանիոյ իշխանութիւնը քննադատած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ԶՈՒ կողմէ իրականացուող գործողութիւնները չդատապարտելուն եւ անոնց միջազգային իրաւունքի յստակ գնահատական չտալուն համար:
«Իսկական գայթակղութիւն է, որ ՆԱԹՕի դաշնակից Թուրքիոյ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ որոշ շրջաններու գրաւումը չի որակուիր որպէս միջազգային իրաւունքի խախտում»,- յայտարարած է Կանաչներու կուսակցութեան նախագահը: