«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արսէն Բագրատունի (21 Օգոստոս 1790, Կոստանդնուպոլիս – 24 Դեկտեմբեր 1866, Վենետիկ), հայագէտ, փիլիսոփայ, գրող, թարգմանիչ, հայ գրականութեան մէջ դասական ուղղութեան ամենախոշոր դէմքերէն մէկը, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ:
Ծնած է 1790 թուականի Օգոստոս 21ին Կոստանդնուպոլիս: Ուսումը ստացած է Մխիթարեաններու մօտ: Եղած է միաբանութեան անդամ։ Լաւ տեղեակ էր դասական լեզուներուն։ Հմուտ եղած է նաեւ գրաբարի մէջ։
Անոր ստեղծագործութեան գլուխգործոցը «Հայկ դիւցազն» բանաստեղծութիւնն է, որուն նիւթը առնուած է գլխաւորապէս Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»էն։ Բանաստեղծութեան մէջ Բագրատունին գովերգած է Հայկ Նահապետի պայքարը հայրենի երկրի անկախութեան եւ ազատութեան համար:
Գրապայքարին մէջ կանգնած էր գրաբարեաններու կողմը։ Կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ դասական հեղինակներէ։ Անոր խմբագրութեամբ հրատարակուած է հայերէն դասական ու թարգմանական երկեր։
Արսէն Բագրատունի մահացած է Դեկտեմբեր 24ին Վենետիկ։
Աշխատութիւններ
1846 թուականին հրատարակած է «Տարերք հայերէն քերականութեան» գիրքը։ Սակայն անոր հայերէնագիտական գործունէութիւնը նշանաւոր դարձած է «Հայերէն քերականութիւն ի պէտս զարգացելոց» գիրքի միջոցաւ (1852), որ մեծ ներդրում էր հայերէնի ուսումնասիրութեան մէջ։ Մանրամասն ու բազմակողմանիօրէն քննուած են գրաբարի հնչիւնական, բառային, ձեւաբանական, շարահիւսական, ուղղագրական, նոյնիսկ ոճաբանական երեւոյթները։ Հին գրական հայերէնը դիտարկուած է ժամանակի մէջ, պատմական ընթացքով (5-12-րդ դարեր):