«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լեւոն Գարեգին Սիւնի (մօտաւորապէս 1880, Սեբաստիա, Սեբաստիոյ նահանգ- 22 Դեկտեմբեր 1915 (կամ 1916, Կարին), հայ բժիշկ։
Ծնած է մօտաւորապէս 1880 թուականին Սեբաստիա քաղաքը, անուանի բժիշկ Գարեգին Սիւնիի (Հէքիմեան, 1851 – 1939) ընտանիքէն ներս, ըստ այլ աղբիւրներու՝ առեւտրականի ընտանիքի մէջ։ 1900 – 1905 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1914 թուականէն Սեբաստիա քաղաքին հայկական ազգային հիւանդանոցին (հիմնադրուած է 1889 թուականին) եւ կառավարական հիւանդանոցին մէջ աշխատած է որպէս բժիշկ (վիրաբոյժ):
1914 թուականին Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է 10-րդ զօրաբաժինի հիւանդանոցին մէջ։ 1915 թուականի Դեկտեմբեր 22ին մահացած է ժանտախտէ, ըստ այլ աղբիւրներու՝ 1916 թուականին սպաննուած է Կարնոյ ռազմաճակատին վրայ: