Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՊԵՏՐՈՍ ԱԴԱՄԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պետրոս Ադամեան (21 Դեկտեմբեր 1849, Կոստանդնուպոլիս – 3 Յունիս 1891, Կոստանդնուպոլիս), հայ մեծ դերասան, բանաստեղծ, գրող, նկարիչ եւ հասարակական գործիչ։

Ծնած է Կ․ Պոլսոյ Ղալաթիա թաղը 1849ին։ 8-9 տարեկանին կ’ուղարկուի թաղական վարժարան։ Առաջին անգամ բեմ կը բարձրանայ «Ուիլհելմ աշխարհակալ» թատերախաղով՝ սպայի մը դերով։ Այնքան ազդու կ’արտասանէ իր միակ ըսելիք «մեռի՛ր դաւաճան» խօսքերը, որ բախտորոշ կ’ըլլայ իրեն համար։ 1869ին, խաղալով Վարդովեանի խումբին մէջ, կ’անցնի Նոր Նախիջեւան եւ կու տայ շարք մը ներկայացումներ։ Այդտեղ լսելով Կ․Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հրդեհին մասին՝ Պոլիս կը վերադառնայ։

1879ին Թիֆլիսէն ստացած հրաւէրով կը մեկնի Կովկաս, ուր «Սէր առանց համարման» թատերախաղով հիմք կը դնէ շարք մը ներկայացումներու։ Կարճ ժամանակի մէջ Ադամեանի անունը այնքան կը տարածուի, որ թատրոնը կը լեցուի ո՛չ միայն հայերով, այլ նաե՛ւ օտարազգիներով։ 1880 եւ 1881ի ամառները կ’անցընէ Կովկասեան հայ քաղաքներու մէջ, իսկ 1882ին կ’երթայ Ռուսիա եւ կը խաղայ Մոսկուայի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ 1884ին դերեր կը ստանձնէ Փեթերսպուրկի մէջ, ուր մեծ յաջողութիւն գտնելով կ’այցելէ բազմաթիւ մեծ քաղաքներ։ Վերջապէս 1886ին նորէն Թիֆլիս կը վերադառնայ, ուր խումբ մը կազմելով դարձեալ Ռուսիա կ’երթայ, իսկ ձմրան թատերաշրջանին կը խաղայ Թիֆլիսի մէջ։
1890ին բժիշկները կը յայտնեն, որ ան թոքախտ ունի։

Կ․ Պոլսոյ մէջ ռուս դեսպանը, որ շատ կը յարգէր Ադամեանը, կը սկսի այդ հիւանդութեան առաջքը առնել՝ վերջինս տեղաւորելով  ռուսական հիւանդանոցի մէջ։ Սակայն չնայած լուրջ խնամքի՝ Ադամեան չի բուժուիր եւ 2 Յունիս 1891ին կը մահանայ Կ․ Պոլսոյ մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին