Երէկ՝ 12 Դեկտեմբեր 2018ին, Լիբանանի թեմի առաջնորդ գերշ. տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան այցելեց Թէքէեան կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատասխանատու ներկայացուցիչներուն հետ: Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր Տէր Շնորհք քահանայ Արթինեան:
Հանդիպման ներկայ էին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի վարչութեան ատենապետ՝ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան համաատենապետ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեան ու գործակից ընկերներ:
Հանդիպումին սկիզբը ընկ. Գասարճեան եւ ընկ. Տագէսեան բարի գալուստ մաղթեցին սրբազան հօր եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր եկեղեցաշէն գործունէութեան ու պատրաստակամութիւն յայտնեցին ամէն ձեւով օժանդակելու իրեն իր կատարելիք առաքելութեան մէջ:
Սրբազայն Ալեէմեզեան ներկայացուց իր կատարած գործը ընդհանուր գիծերու մէջ: Ան յայտնեց, որ իր գործին կորիզը կը կազմեն երիտասարդները, որոնց հետ սկսած է աշխատիլ նոր ոճով՝ զանոնք մօտեցնելու համար եկեղեցիին եւ ազգին: Ամէն Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:30ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ երիտասարդները յուզող հարցերու շուրջ քննարկում: Նաեւ անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ ծուխերու կարեւորութեան ու նշեց, որ նոր մօտեցում կ’ունենայ անոնց հանդէպ՝ կատարելով այցելութիւններ՝ ժողովուրդը մօտեցնելով եկեղեցիին:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Լիբանանի տնտեսական ծանր վիճակին եւ անոր պատճառով տեղի ունեցող մեծ թիւով արտագաղթին:
Հանդիպումի աւարտին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով արեւշատութիւն մաղթուեցաւ սրբազան հօր ու յաջողութիւն իր եկեղեցաշէն ու ժողովրդանուէր առաքելութեան:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան






