spot_img

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմեզեան Այցելեց Թէքէեան Կեդրոն Եւ Հանդիպում Ունեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Պատասխանատուներուն Հետ

Երէկ՝ 12 Դեկտեմբեր 2018ին, Լիբանանի թեմի առաջնորդ գերշ. տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան այցելեց Թէքէեան կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատասխանատու ներկայացուցիչներուն հետ: Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր Տէր Շնորհք քահանայ Արթինեան:

Հանդիպման ներկայ էին  Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի վարչութեան ատենապետ՝ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան համաատենապետ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեան ու գործակից ընկերներ:

Հանդիպումին սկիզբը ընկ. Գասարճեան եւ ընկ. Տագէսեան բարի գալուստ մաղթեցին սրբազան հօր եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր եկեղեցաշէն գործունէութեան ու պատրաստակամութիւն յայտնեցին ամէն ձեւով օժանդակելու իրեն իր կատարելիք առաքելութեան մէջ:

Սրբազայն Ալեէմեզեան ներկայացուց իր կատարած գործը ընդհանուր գիծերու մէջ: Ան յայտնեց, որ իր գործին կորիզը կը կազմեն երիտասարդները, որոնց հետ սկսած է աշխատիլ նոր ոճով՝ զանոնք մօտեցնելու համար եկեղեցիին եւ ազգին: Ամէն Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:30ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ երիտասարդները յուզող հարցերու շուրջ քննարկում:  Նաեւ անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ ծուխերու կարեւորութեան ու նշեց, որ նոր մօտեցում կ’ունենայ անոնց հանդէպ՝ կատարելով այցելութիւններ՝ ժողովուրդը մօտեցնելով եկեղեցիին:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Լիբանանի տնտեսական ծանր վիճակին եւ անոր պատճառով տեղի ունեցող մեծ թիւով արտագաղթին:

Հանդիպումի աւարտին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով արեւշատութիւն մաղթուեցաւ սրբազան հօր ու յաջողութիւն իր եկեղեցաշէն ու ժողովրդանուէր առաքելութեան:

            Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին