spot_img

ՌԱԿ Կը Շնորհաւորէ Ու Կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահն Ու Անոր Միջոցաւ Հայրենի Ժողովուրդը Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Առիթով

Մեծայարգ Տիար Արմէն Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան

Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,

Անցնող Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018ն իր անկախութենէն ի վեր մեր հայրենիքի ընտրած ժողովրդավարական ուղիին վրայ յատկանշական օր մըն էր: Հայ ժողովուրդը այդ օր ընտրեց իր 7րդ գումարման Ազգային ժողովը, այս անգամ նոր սահմանադրութեամբ, որ մեծ պատասխանատուութիւն դրած է խորհրդարանին վրայ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար կարեւոր իրադարձութիւն է երկրին մէջ ժողովրդավարական եւ ազատական սկզբունքներու գործադրութիւնը ու անոր յաղթանակը: Ազատ կամքով եւ նուազագոյն խախտումներով կայացած Ազգային ժողովի ընտրութիւնը արդէն իսկ ցուցանիշ է, որ հայրենի ժողովուրդը բարեյաջող ճանապարհ կտրած է մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան ուղիին վրայ:

Ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իւրաքանչիւր պետական հաստատութիւն ունի իր պարտաւորութիւնները զինք ընտրած քաղաքացիին նկատմամբ: Հայ ժողովուրդի արդար ակնկալութիւնն է այս պարագային, որ խորհրդարան մուտք գործած իւրաքանչիւր ուժ ու անկէ բխող կառավարութիւն պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ ի դերեւ չհանէ զինք ընտրող քաղաքացիին արդար ակնկալութիւնները, որոնք են.

  1. Ներքին ճակատի վրայ ունենալ ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած հայրենիք՝ տնտեսապէս զարգացած, քաղաքական ու ապահովական գետնի վրայամուր եւ մարդկային իրաւունքներու մարզին մէջ բազմակարծութեան հանդէպ հանդուրժողական:
  2. Արտաքին ճակատի վրայ դիւանագիտական լաւագոյն յարաբերութիւններումէջ ըլլալ հայ ժողովուրդի բարեկամ շրջանային եւ միջազգային գլխաւոր ուժի կեդրոն երկիրներու հետ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ճանաչողութեան ապահովում, հայ ժողովուրդի դատի արդար լուծումին հետապնդման՝ հիմնուած ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հատուցումի արդար սկզբունքին վրայ:

Աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այս առումով եւ ինչպէս միշտ յանձնառու է զօրավիգ կանգնիլ հայրենի պետականութեան՝ իր ունեցած լծակներն ու կարողութիւնները անոր տրամադրութեան տակ դնելով:

Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,

Ձեր միջոցաւ կը շնորհաւորենք հայրենի մեր ազգակիցները եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու ջատագով ու մասնակից բոլոր կողմերը ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն յաջողութիւն արձանագրելով՝ Ազգային ժողով մուտք գործողները մասնաւորաբար՝ բոլորին մաղթելով շինիչ գործակցութիւն ու բարեյաջող երթ՝ յօգուտ մեր հայրենիքի մշտական վերելքին:

Այսօր այս առիթով եւ յառաջիկայ տօնական օրերուն ընդառաջ ձեզի անձնապէս, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կը մաղթենք ամենայն բարիք:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                                                                 Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                                                                  Ատենապետ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին