Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց աշխատակից

Պուպրիկը՝ Որպէս Հա՞րս…

Այս դէպքը վերջերս տակաւին պատահած է Ճափոնի մէջ։ Արդարեւ, 35 տարեկան Աքիհիքօ Քոնտօ Նոյեմբեր 4-ին ամուսնացած է պուպրիկի մը հետ (տես նկարը) եւ ամուսնութեան այդ խրախճանքին ծախսած է 18,000 տոլար։

Ծախսալից եւ արտակարգ այդ խրախճանքին ներկայ գտնուած են 40 հրաւիրեալներ, ի բացակայութիւն փեսային ընտանիքի անդամներուն։ Այս երեւոյթը հասկնալի է, որովհետեւ անոնք անտրամաբանական գտած են իրենց որդւոյն՝ պուպրիկի մը հետ ամուսնանալու գաղափարը եւ մերժած են ներկայ գտնուիլ պսակադրութեան արարողութեան։

Աքիհիքօ, որ միջնակարգ վարժարանի մը մէջ ուսուցչութիւն կ’ընէ, համացանցի վրայ տեսած է նկարին մէջ երեւցող ապակեայ փեղկերով տուփի մը մէջ պարփակուած 16 տարեկան աղջկայ մը ուուագիծը (siluette), որ կ’երգէ։ Ան անմիջապէս սիրահարուած է անոր եւ անոր յար եւ նման պուպրիկ մը ապսպրելով՝ ամուսնացած է հետը…

Տարօրինակօրէն Աքիհիքօ պուպրիկը անուանած է Հաթցունէ Միքու եւ հարցազրոյցի մը ընթացքին դիտել տուած է, որ ան երբեք չէ դաւաճանած անոր։ Այսինքն՝ ան ոչ ուրիշը սիրած է եւ ոչ ալ ուրիշին հետ սեռային յարաբերութեան մէջ մտած։

Աքիհիքօ նշած է նաեւ, որ աւանդական ուրախութիւնը կը կայանայ մարդու մը եւ կնկայ մը ամուսնութեան մէջ, որոնք ընտանիք կը կազմեն եւ միասին կ’ապրին։ Սակայն աւելցուցած է ան, որ այդ երեւոյթը իրեն սրտին չի խօսիր։ Ինչո՞ւ, որովետեւ ուրախութեան հասկացողութիւնը կը տարբերի անձէ անձ, ինչպէս որ ամերիկեան ասացուածքը արդարացիօրէն կ’ըսէ՝ «To each, his own»:

Աքիհիքոյի մօտիկ բարեկամներէն ոմանք խենթութեան համազօր նկատած են անոր՝ պուպրիկի մը հետ ամուսնանալու որոշումն ու գործադրութիւնը, սակայն վերապահ գտնուած են իրենց կարծիքին նկատմամբ։

 

Մարդասպանութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .

Այս քստմնելի ոճիրը նոր պատահած է Գոլորատօ նահանգի Ֆրետըրիք քաղաքին մէջ, որ Տենվըրէն 28 մղոն անդին է։

Արդարեւ, 33 տարեկան Քրիս Ուաթս ոստիկանութեան իմաց տուած է, որ իր 34 տարեկան յղի կինը՝ Շէնըն, եւ երկու աղջիկները՝ 4 տարեկան Պելլան ու 3 տարեկան Սելեսթը (տես նկարը), իրենց բնակարանէն անյայտացած են…

Քրիս, «կոկորդիլոսի արցունք» թափելով, աղաչած է ոստիկանութեան, որ անպայման հետքը գտնեն իր ընտանիքի անդամներուն։ Բայց ինչո՞ւ «կոկորդիլոսի արցունք» կոչեցի մարդուն պաղատանքը, հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։

Ուրեմն յետոստիկանական մանրակրկիտ հարցաքննութեանց, ի յայտ եկած է, որ Քրիս ինքը խեղդամահ ըրած է թէ՛ իր յղի կինը եւ թէ՛ ալ իր երկու անչափահաս անմեղ զաւակները։ Ան ի վերջոյ խոստովանած է իր ոճիրը։ Ան ոչ միայն անոնց կեանքին վերջ տուած է, այլեւ անոնց մարմինները թաղած է մօտակայ դաշտի մը մէջ։

Կրնա՞ք երեւակայել, որ հայր մը սպաննէ իր զաւակները եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ պահանջէ ոստիկանութենէն, որ յայտնաբերեն մարդասպանը։ Ըստ ինծի՝ այս մարդ չէ, այլ մարդակերպ գազան։ Բայց գիտէ՞ք՝ ինչո՞ւ գործած է այս ստորին ոճիրը: Որովհետեւ սիրահար մը ունի եղեր։ Ա՛ռ քեզի պատճառաբանութիւն:

Եղբայր, մարդ Աստուծոյ, ամուսնալուծուիր եւ ապա սիրահարիդ հետ ամուսնացիր, ի՜նչ դժուարութիւն կայ այս գործին մէջ։ Բայց չմոռնանք, որ ամուսնալուծումը բաւականին ծանր պիտի ճնշէ իր վրան, քանի պէտք է թէ կնոջ վճարէ (alimony) եւ թէ ալ զաւակներուն (child support)…

Է՜հ բարեկամ, հիմա որ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիս, ի՞նչ պիտի ընէ սիրահարդ։ Ան շատ-շատ մի քանի անգամ պիտի այցելէ քեզի բանտին մէջ եւ յետոյ իր գլխուն ճարին պիտի նայի, չէ՞։ Հայկական ասացուածքը կ’ըսէ. «Տան հաշիւը շուկային չի յարմարիր»:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին