«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երէկ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Լոնտոնի մէջ Լիբանան-Միացեալ Թագաւորութիւն առեւտուրի եւ ներդրումային ժողովի ծիրէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ան կը սպասէ նախագահ Միշէլ Աունի՝ կառավարութեան կազմաւորման իրագործման միտուած նոր նախաձեռնութեան արդիւնքները:
«Նախագահ Միշէլ Աուն կանոնաւորապէս կը հետեւի նոր նախաձեռնութեան գործընթացին, ինչը Լիբանանի ժողովուրդը մեծապէս կը գնահատէ: Յոյսով եմ, որ ներդրուած ջանքերը լաւ արդիւնք մը կու տան,- ըսաւ Հարիրի:- Այս առումով դրական մթնոլորտ զգացի այսօր եւ, ի հեճուկս խոչընդոտներուն, մենք պիտի շարունակենք դրական մնալ՝ ի շահ երկրին»:






