Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՌԱՖԱՅԷԼ ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռաֆայէլ Արսէն Աւագեան (7 Դեկտեմբեր 1925, Պաքու – 2003), հայ թարգմանիչ, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ (1970):

Ծնած է Պաքու։ Որպէս փականագործ, խառատ, թեքնիկական վերահսկողութեան բաժնի վարիչ աշխատած է Պաքուի գործարաններէն մէկուն մէջ։ 1951 թուականին աւարտած է Ազրպէյճանի Վ. Ի. Լենինի անուան մանկավարժական հիմնարկի լեզուագրական բաժինը, ապա որպէս ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն աշխատած է ազրպէյճանական ԽՍՀ տարբեր շրջաններու մէջ, 1955-1958 թուականներուն՝ Պաքուի «Կոմունիստ» (հայերէն) թերթի խմբագրութեան մէջ։ 1958-1961 թուականներուն ուսուցչութիւն ըրած է Դսեղի եւ Աշտարակի մէջ։ 1961-1971 թուականներուն աշխատած է Երեւանի ռատիօկոմիտէի, «Հայֆիլմ»ի, «Երեկոյեան Երեւան» թերթի խմբագրութեան, հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան մէջ։

Ռուսերէն լոյս տեսած են իր «Հինաւուրց քաղաքի երիտասարդութիւնը» գիրքը (Երեւան, 1968): Կազմած է «Բարեկամներու աչքերով» (ռուս գրողները Հայաստանի մասին) ժողովածուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին