«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դերենիկ Դեմիրճեան (Դեմիրճօղլեան) (18 Փետրուար 18776- Դեկտեմբեր 1956, Երեւան), գրող, հրապարակախօս։
Ծնած է Ախալքալաք (Ջաւախք գաւառ), այժմ՝ Վրաստան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն եւ Ներսէսեան վարժարանէն (Թիֆլիս)։
Դեռ աշակերտ՝ աշխատակցած է կովկասեան գրական մամուլին («Մուրճ»)։ Ու հազիւ քսանամեայ՝ հրատարակած է բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն։
1905էն՝ Զուիցերիա, ամբողջ հնգամեակ մը հետեւած է համալսարանական ուսումի։ Մշակած է նաեւ երաժշտական իր հակումը՝ տեղւոյն մէկ երաժշտանոցին մէջ հետեւելով ջութակի դասերու։
1910ին Թիֆլիս դարձած՝ նուիուած է ուսուցչութեան եւ գրականութեան։ Յաջորդաբար հրատարակած է բանաստեղծութիւններու եւ քառեակներու զոյգ ժողովածուներ։ Նաեւ թատերգութիւններ, պատմական կամ նոր ժամանակներէ առնուած նիւթերով։
1920էն փոխադրուած է Երեւան եւ քաջալերանք գտած՝ խորհրդային վարչակարգէն։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Դեմիրճիան տուած է թատերական եւ վիպական բազմաթիւ գործեր, օրինակ՝ «Քաջ Նազարը» եւ «Ֆոսֆորային Շողերը»:
Պատերազմի տարիներուն (1940-1945) գրած է «Անխուսափելին», «Խոշտանգուածի աւանդը» եւ այլն: Իր վերջին եւ կարեւորագոյն գործը կը նկատուի «Վարդանանք» պատմավէպը:
Իր երկերու ժողովածուն եօթը հատորներով հրատարակուած է Հայաստանի մէջ: