«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անթի Ամաթուս Աարնէ (ֆին.՝ Antti Amatus Aarne, 5 Դեկտեմբեր 1867, Փոռի, Ֆինլանտա – 5 Փետրուար 1925, Հելսինքի, Ֆինլանտա), ֆինլանտացի բանահաւաք, բանասէր, բովանդակային համակարգող։
1893-1898 թուականներուն սորված է Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ, 1908 պաշտպանած է «Հեքիաթներու համեմատական ուսումնասիրութիւն» թեմայով ատենախօսութիւնը։ 1911 թուականէն Հելսինքիի համալսարանին մէջ դասաւանդած է «Ֆինլանտական եւ համեմատական բանահիւսութիւն» նիւթը, որով 1922 թուականին ստացաւ փրոֆէսորի աստիճան։
Ստեղծագործութիւն
Աանրէն կը հանդիսանայ այսպէս կոչուած ֆիննական բանահիւսութեան պատմա-աշխարհագրական դպրոցի հիմնադիրը: Ան մշակած եւ հիմնաւորած է համեմատական մեթոտը, տուած է անոնց օրինակները ժողովրդական ստեղծագործութիւններով` հեքիաթներով, հանելուկներով, երգերով: Մշակած է համեմատական վերլուծութեան մեթոտաբանութիւնը եւ դասակարգած բանահիւսական ստեղծագործութիւնները: Իր «Հեքիաթներու տիպերու դասակարգումը» (1910) աշխատութեամբ հիմք դրած է հետագայ նման ուսումնասիրութիւններու համար: Հետագայ տարիներուն շարունակած է աշխատիլ բանահիւսական գործողութեանց դասակարգումին վրայ` զայն համալրելով ամերիկացի հետազօտող Սթիթ Թոմփսոնի եւ գերմանացի գիտնական Հանս-Եորկ Ութերի օրինակներով: Աանրէի կատարած դասակարգումը այսօր ալ կ’օգտագործուի:
Հեղինակ է նաեւ «Հեքիաթներու համեմատական ուսումնասիրութեան հիմունքներ» (1913), «Հեքիաթները գրականութեան ծիրին մէջ» (1914), «Բանաւոր հանելուկներու համեմատութիւն» (հատոր 1-3, 1918) աշխատութիւններու: Ռուս բանագէտ Նիքոլայ Անտրէեւը 1929 թուականին հրատարակած է «Հեքիաթներու սիւժեներու ցուցիչը ըստ Աարնէի համակարգի», ուր Աարնէի մշակած հիմունքները կը կիրարկուին ռուս եւ ուքրանական բանահիւսութեան ուսումնասիրութեան մէջ: