Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՍԵՏԵՖՃԵԱՆ ՌՈՄԱՆՈՍ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սետեֆճեան Ռոմանոս (30 Նոյեմբեր 1837, Կոստանդնուպոլիս – 12 Մարտ 1905, Կոստանդնուպոլիս), հայ դերասան, թատերագիր։

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս։ 1861 թուականէն աշխատած է «Արեւելեան» թատրոնի մէջ նախ որպէս դերասան, ապա յուշարար։ Հեղինակ է «Վարդան Մամիկոնեան փրկիչ հայրենեաց» (բեմականացումը 1867 թուականին, Միքայէլ Նալպանտեանի մահուան տարելիցին կապակցութեամբ, որ դարձած է «Արեւելեան թատրոն»ի փակուելու պատճառը), «Հայկ դիւցազն», «Կործանումն Ռուբինեաց հարստութեան» պատմական ողբերգութիւններու, «Արշաւանք», «Անգութ Զարուհի» եւ այլ փիեսներու, ուր շօշափած է ժամանակի հասարակական-քաղաքական եւ կենսական յուզող հարցերը։ Բոլոր փիեսները բեմադրուած են Կոստանդնուպոլսոյ հայ թատրոններուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին