«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անտրէաս Արծրունի (27 Նոյեմբեր 1847, Մոսկուա – 22 Սեպտեմբեր 1898, Գերմանիա), հայ երկրաբան։ Փեթերսպուրկի գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամ (1895 թուականէն)։
Եղբայրն է Գրիգոր Արծրունիի։ Մանուկ հասակին (հօր հետ) կը տեղափոխուի Թիֆլիս, ուր առաջին անգամ կը սորվի հայերէն։ 1864ին կ’աւարտէ ուսումնարանը։ Ապա կը յաճախէ Փեթերսպուրկի, Դորպատի ու Հայտելպուրկի համալսարանները (վերջինս կ’աւարտէ 1871 թուականին)՝ քիմիագէտի բարձրագոյն կոչումով։
1871-1875 թուականներուն կ’ապրի Թիֆլիս, ուր կը զբաղի Կովկասի երկրաբանութեան հետազօտութեամբ Լոռիի եւ Գանձակի գաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մանկավարժութեամբ։ 1875ին կը վերադառնայ Գերմանիա եւ Սթրասպուրկի համալսարանի օգնական կը նշանակուի, 1877-1883 թուականներուն՝ Պեռլինի համալսարանի դասախօս, իսկ 1884-1898 թուականներուն Ախենի ճարտարապետութեան գիտնական, հանքաբանութեան ամպիոնի վարիչ եւ նախագահ (ընդմիջումներով)։
Մեծանուն հայ գիտնականը հեղինակ է երկու հիմնական աշխատասիրութիւններու, որոնք բազմաթիւ հրատարակութեանց արժանացած են եւ իրենց բնագաւառին մէջ կը նկատուին դասական գործեր։ Առաջինը 1883ին լոյս տեսած՝ «Բիւրեղներու քիմիական բաղադրութեան եւ անոնց քիմիական ու ֆիզիքական յատկութիւններու կապը» անունով աշխատասիրութիւնն է։ Երկրորդը՝ «Բիւրեղներու ֆիզիքական քիմիան», որ լոյս տեսած է 1893ին։
Աշխատակցած է «Մշակ»ին եւ բազմաթիւ եւրոպական գիտական ընկերութիւններու։