Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՀԵՆՐԻ ՖԻՆԻՍ ՊԼՈՍ ԼԻՆՉ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հենրի Ֆինիս Պլոս Լինչ (18 Ապրիլ, 1862, Լոնտոն, Անգլիա – 24 Նոյեմբեր 1913, Քալէ, Ֆրանսա), անգլիացի հայագէտ, աշխարհագէտ, հասարակական-քաղաքական գործիչ։

Հայաստան կատարած երկու ճանապարհորդութիւններուն (1893-1894 եւ 1898) ընթացքին, Հենրին իր հաւաքած նիւթերուն հիման վրայ գրած է «Հայաստան» երկար աշխատութիւնը (1901, հայերէն համառօտ թարգմանութիւն, 1913-1914), որ կազմուած է երկու հատորներէ «Ռուսական Հայաստան» եւ «Տաճկահայաստան»: Այս ստեղծագործութիւնը կը պարունակէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, հայ բանահիւսութեան վերաբերեալ վիճակագրական նիւթերուն մասին։ Լինչը գրած է Հայաստանի քաղաքականութեան, հայերու հալածանքին, Հայ եկեղեցիին եւ հայոց լեզուին մասին։

Հենրի նաեւ հետաքրքրուած է Հայկական հարցով։ Լինչը, ըլլալով անգլիական խորհրդարանի անդամ (1906 թուականէն սկսեալ), քննադատած է քաղաքականութիւնը ու խորհրդարանին ծանօթացուցած եւ ներկայացուցած է Հայկական հարցը եւ հայ ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։

Իր մահէն մի քանի օր առաջ, Հենրին անգլիական մամուլին մէջ հրատարակած է իր «Բաց նամակ»ը հայկական բարենորոգումներուն վերաբերեալ։

Լինչ մահացաւ Ֆրանսա 24 Նոյեմբեր 1913 թուականին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին