«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Յակոբ Պարոնեան (19 Նոյեմբեր 1843, Ատրիանուպոլիս (Էտիրնէ) – 27 Մայիս 1891, Կ. Պոլիս), հայ երգիծաբան, խմբագիր եւ գրող։
Ծնած է Էտիրնէ 1843ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Արշակունեաց վարժարանին մէջ։ 1857ին մէկ տարի կը յաճախէ քաղաքի յունական վարժարանը։ Ապրուստը հոգալու համար դեղագործի մը քով կ’աշխատի երկու տարի։ Ապա կը պաշտօնավարէ ծխախոտի ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։ Ինքնաշխատութեամբ եւ անյագ ընթերցումով ձեռք բերած է լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն։
1863ին կ’անցնի Պոլիս եւ կը դասաւանդէ Սկիւտարի ճեմարանը՝ աշակերտ ունենալով Պետրոս Դուրեանը։ 1871ին կը ստանձնէ «Եփրատ»ի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց շուտով կ’անցնի Յարութիւն Սվաճեանի հիմնած «Մեղու» թերթի խմբագրութեան՝ զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ 1874ին «Մեղու»ն կը դադրի, Սվաճեան արտօնատէրի իրաւունքը կը փոխանցէ Պարոնեանին, զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս «Թատրոն»: Իբր արտօնատէր կաշկանդումէ զերծ գտնուելով՝ Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող, բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, հեգնելով շրջապատի յոռի բարքերը։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով «Թատրոն»ը կը դադրի 1877ին։
Պարոնեան կ’ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879ին։ Կ’ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ։
1879ին կը սկսի աշխատակցիլ Մինաս Գափամաճեանի «Լոյս» թերթին որպէս զաւեշտական բաժնի պատասխանատու։ Իր գրութիւնները լայն հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, սակայն Գափամաճեան նիւթապէս չի վարձատրեր զինք եւ հետեւաբար Պարոնեան կը ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը դադրեցնել։
1884ին «Խիկար» ամսագիրը կը սկսի, եւ հակառակ նիւթական խոչընդոտներուն ու կարճ ընդհատումներուն՝ զայն կը հրատարակէ մինչեւ 1888։ Այս ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։ 1888էն 1890 ապրուստ ապահովելու համար Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ’ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ’աշակերտէ յայտնի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը։ Կը տառապի հիւծախտէ եւ կը մահանայ 1891ին՝ թշուառութեան մէջ ձգելով այրին ու անչափահաս զաւակները։
Ժամանակակից գրագէտ Մատթէոս Մամուրեան այսպէս կը գրէր իր մահուան առթիւ. «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ի՞նչպէս. գրեթէ անօգնական։ Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը…: Եւ արդարեւ ի՞նչ ըրինք խեղճին, ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար… չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անթառամ պսակներն»: