«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գէորգ Ախվերդեան (5 Յունիս 1818, Թիֆլիս – 17 Նոյեմբեր 1861, Թիֆլիս), հայ բժիշկ։
Ծնած է Թիֆլիս: 1830 թուականին կը ղրկուի Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, ուր 1834 թուականին ուսումը աւարտելով կը մտնէ տեղւոյն համալսարանի բժշկական կաճառը (ակադեմիան): Համալսարանը, նիւթական նեղութիւններ կրելով, 1839 թուականին կ’աւարտէ եւ Թիֆլիս կը վերադառնայ, ուր զինուորական բժիշկի պաշտօն կը ստանայ։ Զինուորական նախարար Չերնիշեւը, որ շատ լաւ կը ճանչնար Գէորգ Ախվերդեանը, 1842 թուականին զինքը իր քով կը հրաւիրէ անձնական բժիշկի պաշտօնով, սակայն Գէորգ Ախվերդեան մտադրած էր գործել իր հայրենի Թիֆլիս քաղաքին մէջ։
1846ին ան կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ իրեն հետ կը բերէ հայերէն գիրքերու հարուստ ժողովածու մը, որ պատահմամբ ձեռք բերած էր Մոսկուայի մէջ։ Թիֆլիսի մէջ ան կը հետեւի իր տոհմական գրականութեան պատմութեան, կը զբաղի ձեռնագիրներով, որուն մէկ հարուստ ժողովածուն կը գտնուէր Հ. եւ Ա. Էֆէնճեաններու մատենադարանին մէջ։ Ան առանձնապէս իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ հայոց ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ եւ 1852ին կը հրատարակէ Մոսկուայի մէջ Սայաթ Նովայի նշանաւոր երգիչի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ Կը մահանայ Թիֆլիսի մէջ ծանր հիւանդութենէ ետք 17 Նոյեմբեր 1861ին: