«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աղայեան Մատթէոս (16 Նոյեմբեր 1863, Նախիջեւան – 10 Դեկտեմբեր 1932, Թիֆլիս), հայ դերասան։
Ծնած է Նախիջեւանի Կարճեւան գիւղը 16 Նոյեմբեր 1863ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ գիւղի քահանային ու ուսուցիչին մօտ, ապա Թիֆլիս մասնաւոր ուսումնարանի մը մէջ։ Պատանի հասակէն կը սկսի իբրեւ սիրողական հանդէս գալ թատերական ներկայացումներու, իսկ 1879 թուականէն սկսեալ կը սկսի խաղալ իշխ. Ամատունիի խումբին մէջ իբրեւ դերասան։ 1898 թուականին Մատթէոս Աղայեան կ’երթայ Մոսկուա, ապա Փեթերսպուրկ՝ ռուսական ներկայացումներու հետեւելու համար։ 1901 թուականին դարձեալ նոյն նպատակով կ’երթայ Մոսկուա։ 1904 թուականի Յունուարին կը տօնուի անոր բեմական գործունէութեան 25ամեակը։ Խաղացած է սիրահարի դերեր։ Աղայեանը մօտէն ծանօթ եղած է Կովկասի գաւառացիներուն: Ան եղած է նաեւ Ռուսիոյ հայկական քաղաքներուն ու Պարսկաստանի մէջ: Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնք տպուած են «Տարազ»ի մէջ: