Լոս Անճելըս-Արցախ
Դոկտ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեան կը կատարեն աննախընթաց վիրաբուժութիւններ, կը մարզեն տեղացի բժիշկները
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Armenia Fund USA-ի կողմէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կատարուած բժշկական վերջին առաքելութեան յատկանշական նուաճումներէն մէկը եղաւ Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնի ոսկրաբանական կարողութիւններու աննախադէպ յառաջացումը։ Հիւանդանոցի ոսկրաբանական բաժանմունքի ճարտարագիտական ու բժշկական կարողութիւններու մակարդակի բարձրացումը կարելի դարձաւ շնորհիւ յայտնի ոսկրաբան-վիրաբոյժներ ու եղբայրներ Դոկտ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեաններու կամաւոր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ DJO Surgical հաստատութեան կողմէ նուիրուած ոսկրաբանական կազմածներուն ու պիտոյքներուն։
Armenia Fund USA-ի 2018-ի բժշկական առաքելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 22-էն 26-ի ընթացքին՝ Հայաստանի Տաւուշի մարզը գտնուող Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ, եւ Սեպտեմբեր 27-էն Հոկտեմբեր 5-ի ընթացքին՝ Ստեփանակերտ, միասնաբար իրագործուեցաւ Armenia Fund USA-ի եւ Adventist Health-ի կողմէ։
Ստեփանակերտի առաքելութեան ընթացքին, Դոկտ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեան կատարեցին Արցախի պատմութեան մէջ աննախադէպ, ընդհանուր առմամբ 18 վիրաբուժութիւններ, կողք-կողքի աշխատելով տեղացի պաշտօնակիցներու հետ։ Գործողութիւնները ընդգրկեցին ծունկի ամբողջական փոխարինման (implants) 14 վիրաբուժութիւն եւ յօդադիտային (arthroscopic) չորս վիրաբուժութիւն։ Դոկտ. Ստեփան Եագուպեան կատարեց ուսի եւ ծունկի յօդադիտային վիրաբուժութիւններ, իսկ Դոկտ. Շահան Եագուպեան կատարեց ծունկի փոխարինման գործողութիւններ։ Այս բոլոր վիրաբուժութիւնները կարելի դարձան DJO Surgical-ի նուիրած, ընդհանուր առմամբ $200,000 արժէքով ոսկրաբանական վերջնագոյն սարքաւորումներուն ու պիտոյքներուն շնորհիւ։
«Չափազանց գոհ ենք Արցախի մէջ մեր կատարած ոսկրաբանական անդրանիկ առաքելութեամբ», յայտնեց Դոկտ. Շահան Եագուպեան եւ շարունակեց. «Մեծ յաջողութիւն մը կը նկատենք այս, որովհետեւ կրցանք տեղւոյն հիւանդներուն տրամադրել ամբողջ շարք մը ոսկրաբանական ծառայութիւններ, ներառեալ ծունկի փոխարինման վիրաբուժութիւններ, որոնք երբեք կարելի չէր եղած մատուցել Արցախի մէջ։ Աւելին, մենք կրցանք գործակցիլ Ստեփանակերտի բժիշկներուն հետ եւ անոնց հետ ստեղծել ամուր յարաբերութիւն մը, որ, յուսով ենք, պիտի մեծնայ ապագային։ Այդ յարաբերութիւնը արդէն իսկ կ՚ընդարձակուի այսօր, որովհետեւ սկսած ենք Արցախի մեր հիւանդներուն շարունակական խնամք հայթայթել՝ հեռաբժշկութեան (telemedicine) միջոցով։ Շատ բարձր կը գնահատեմ աշխատանքն ու յանձնառութիւնը այն բոլոր կամաւորներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք իրականացուցին Armenia Fund USA-ի եւ Adventist Health-ի բժշկական միացեալ առաքելութիւնը»։
Ստեփանակերտի մէջ կայացած առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, Դոկտ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեան մեծ ջանք թափեցին հիւանդանոցի ոսկրաբանական անձնակազմի մասնագիտական գիտելիքներն ու հմտութիւնները ուռճացնելու գծով։ Եագուպեանները իրենց տեղացի պաշտօնակիցներուն տրամադրեցին համապարփակ մարզում՝ թէ՛ ոսկրաբանական յառաջացած վիրաբուժութիւններու, եւ թէ՛ նոր սարքաւորումներու գործածութեան իմաստներով։ Այսպիսով, մինչեւ բժշկական առաքելութեան աւարտը, Դոկտ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեան Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին համար կարելի դարձուցին հաստատել միջազգային բարձրագոյն չափանիշներով ոսկրաբանական բաժանմունք մը։
«Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Դոկտ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեաններուն՝ կամաւոր ծառայութեան իրենց օրինակելի ոգիին, եւ Ստեփանակերտի հիւանդանոցի ոսկրաբանական կարողութիւններու մակարդակը 21-րդ դարու չափանիշներուն բարձրացնելու գծով իրենց տարած սքանչելի աշխատանքին համար», յայտնեց Armenia Fund USA-ի գործադիր տնօրէն Սարգիս Քոթանջեան եւ շարունակեց. «Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ DJO Surgical հաստատութեան՝ որու առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ իրագործել Արցախի մեր բժշկական առաքելութեան ոսկրաբանական հատուածը»։
Ոսկրաբանական վկայեալ վիրաբոյժ Դոկտ. Ստեփան Եագուպեան Պրպենք՝ Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Orthopaedic Surgery Specialists ընկերութեան մօտ երէց գործընկեր է։ Դոկտ. Շահան Եագուպեան, նոյնպէս ոսկրաբանական վկայեալ վիրաբոյժ մը, նոյն ընկերութեան ընդհանուր գործընկերներէն է։ Քալիֆորնիոյ Վիսթա քաղաքին մէջ գործող DJO Surgical-ը մաս կը կազմէ DJO Global հաստատութեան, որ ոսկրաբանական բարձրորակ սարքերու առաջատար հայթայթող մըն է, ինչպէս նաեւ ոսկրաբանական վերականգնիչ բազմապիսի սարքերու կազմաւորող, արտադրող եւ ցրուիչ մը։
Adventist Health-ի հետ յատուկ գործակցութեամբ, Armenia Fund-ը Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ բժշկական առաքելութիւններ կը կատարէ 2015-էն ի վեր, նպատակ ունենալով թէ՛ բարելաւել Հայաստանի գիւղական շրջաններու բժշկական ենթակառոյցները, եւ թէ՛ հրատապօրէն անհրաժեշտ բժշկական խնամք հայթայթել Տաւուշի բնակչութեան։ 2018-ի առաքելութիւնը մեծապէս ընդլայնեց յիշեալ զոյգ նպատակներու տարողութիւնը՝ ծրագրին մէջ ընդգրկելով Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնը եւս։
Նոյեմբերեանի եւ Ստեփանակերտի մէջ այս տարի կայացած առաքելութիւնները իրագործուեցան Adventist Health-ի Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանէն աւելի քան 68 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ, եւ այլ արհեստավարժներէ բաղկացած կամաւոր կազմի մը կողմէ։ Աշխատակազմը բժշկական բազմապիսի եւ անվճար ծառայութիւններ տրամադրեց – ներառեալ տարրական եւ մասնագիտական խնամք, զանազան քննութիւններ, եւ վիրաբուժութիւններ – Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերէն գրեթէ 2,650 հիւանդներու, ինչպէս նաեւ, առաջին անգամն ըլլալով, Ստեփանակերտէն եւ Արցախի այլ շրջաններէն մօտ 1,040 հիւանդներու։ Աւելին, Նոյեմբերեանի եւ Արցախի մէջ ձրի դեղորայք տրամադրուեցաւ աւելի քան 2,500 հիւանդներու։
2015-էն ի վեր, Նոյեմբերեանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կատարուած առաքելութիւններուն ընդմէջէն բժշկական բազմապիսի խնամք, ներառեալ 347 վիրաբուժութիւններ, տրամադրուած է ընդհանուր առմամբ 9,440 հիւանդներու։
Նոյեմբերեանի հիւանդանոցը բոլորովին վերակառուցուած ու արդիականացուած է 2011-ին՝ Armenia Fund USA-ի զուիցերիական եւ գերմանական գործընկեր կազմակերպութիւններու նեցուկով։ Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնը կառուցուած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ՝ 2013-ին, ռուսիաբնակ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի առատաձեռն նուիրատուութեամբ։ Հիւանդանոցը յարակից է Ստեփանակերտի Արմինէ Փակումեանի անուան Քաղաքային պոլիկլինիկային (համաբուժարանին), որ Armenia Fund USA-ի կողմէ կառուցուած է 2006-ին, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի Ուռուցքաբանական Կեդրոնին, որ Fonds Armenien de France-ի կողմէ կառուցուած է 2007-ին։