Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թորոս Ազատեան (5 Մայիս 1898, Ապուչեխ – 15 Նոյեմբեր 1955, Պոլիս) բանասէր, խմբագիր, բանաստեղծ։

Ծնած է Ակնի Ապջուղա (Ապուչեխ) գիւղը 5 Մայիս 1898ին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Ակնի Նարեկեան եւ Չմշկածագի Միացեալ ընկերութեան վարժարաններուն մէջ։ Գրական հակումները ի յայտ եկած են վաղ հասակին՝ ներշնչուելով հայրենի բնութեան վառ պատկերներէն։ Պոլիս գալէն ետք՝ 1920ին, կոչուած է Համազգայինի դիւանի օգնական քարտուղարի պաշտօնին։ Շուրջ 15 տարի վարած է պատրիարքարանի զանազան մարմիններու քարտուղարութիւնը։ Եղած է ուսուցիչ Պեզեզեան վարժարանին մէջ։

Թորոս Ազատեանի առաջին երկն է Միսաք Մեծարենցի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատորը, որ հրատարակուած է 1922ին։ Աշխատակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանի պարբերականներուն։ 1925ին ստանձնած է Ս․ Փրկիչ ազգ․ հիւանդանոցի «Ընդարձակ տարեցոյց»ին խմբագրութիւնը։ Յաջորդաբար պատրաստած է վեց հատորներ։

1927էն սկսեալ լոյս ընծայած է «Աղբիւր անմահութեան» բանաստեղծութիւններու երեք հատորներ։ Իսկ գաւառական կեանքի յուշեր, հեքիաթներ եւլն. ամփոփուած են «Քառասնեակ» եւ «Զմրուխտի պատմուճան» հատորներուն մէջ։ 1931ին հրատարակած է Կոմիտաս վարդապետի կեանքին ու երաժշտական գործունէութեան նուիրուած երկհատորեակը։

Բացի գրական երկերէ՝ գրի առած է շարք մը պատմական յիշատակարաններ (Պեզճեան Մայր վարժարանի 100ամեակը, Ուսուցչական Օգնութեան սնտուկի երեսնամեակը, Բերայի Աղքատախնամի յիսնամեակը, «Ժամանակ»ի 40ամեակը եւլն.):

Խմբագրած է «Արեւելք» եւ «Զարթօնք» գրական շաբաթաթերթերը։

Մահացած է 15 Նոյեմբեր 1955ին Պոլիս։ Մարմինը կը հանգչի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին