Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՌԴի Մէջ Ազրպէյճանցի Լրագրողը Լրտեսութեան Մէջ Կը Կասկածուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Ռուսիոյ Դաշնութեան իրաւապահները Մոսկուայի մէջ աշխատող ազրպէյճանցի լրագրող Նամիք Հասանովը կը կասկածին արտասահմանեան յատուկ ծառայութիւններու հետ կապեր ունենալու եւ լրտեսութիւն կատարելու մէջ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Հասանովը Պաքու հերթական այցէն վերադառնալով իմացած է, որ Ռուսիոյ մէջ կը կասկածուի լրտեսութեան մէջ:

Օդակայանին մէջ սահմանապահները Նամիք Հասանովը ետ ուղեկցած են ազրպէյճանական տարածք եւ տեղեկացուցած, որ ՌԴ մուտք գործելու պարագային անմիջապէս կը կալանաւորուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին