«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կոչ ըրած է չմոռնալու միլիոնաւոր զինուորներու կեանքը խլած Առաջին համաշխարհային պատերազմի հետեւանքները։ Այս մասին Ֆրանսայի նախագահը նշած է երկիրներու նախագահներուն եւ ղեկավարներուն առջև ունեցած ճառի ժամանակ. անոնք Փարիզ ժամանած են պատերազմի աւարտի 100ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւններուն մասնակցելու համար, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ՏԱՍՍ»ը։
«1918 թուականի Նոյեմբեր 11ին՝ ժամը 11ին, հարիւր տարի առաջ Փարիզի, ինչպէս եւ ամբողջ Ֆրանսայի մէջ ղօղանջած են զանգերը, որոնք ազդարարած են զինադադարի մասին՝ պատերազմի չորս երկար ու արիւնալի տարիներէ ետք,– ըսած է Մաքրոնը։ – Այդ եղած է շատոնց, բայց այնպէս կը թուի, թէ կարծես երէկ էր»: «Այդ պատերազմի հետքերը պէտք չէ երբեք մոռնալ»,- ընդգծած է Մաքրոնը։
«Ֆրանսան կը խոնարհէ գլուխը զինուորներու յիշատակին առջեւ։ Ան գիտէ, թէ անոնց ինչո՛վ պարտական է»,- ըսած է Մաքրոնը։ «Մենք պէտք է հաստատենք մարդոց առջեւ մեր պատասխանատուութիւնը, մեր երեխաներուն փոխանցենք խաղաղութիւն, որուն մասին երազած են սերունդները»,- յաւելած է ան։ Ֆրանսայի ղեկավարը աշխարհի առաջնորդներուն կոչ ըրած է «պայքարելու խաղաղութեան համար»՝ հրաժարելով «տիրակալութեան գաղափարներէն»:
Մաքրոն ընդգծած է. «Թող որ այս արարողութիւնը խօսի խաղաղութեան համար զոհուած մեր զինուորներուն հանդէպ մեր յաւերժական հաւատարմութեան մասին»,- ըսած է Ֆրանսայի ղեկավարը:






