Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Ա. Աշխարհամարտի Զինադադարի Հարիւրամեակը (լուսանկարներ)

Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ Յասմիկ Քիւրտեան երէկ գրած էր.

Այսօր աշխարհը կը նշէ զինադադարի հարիւրամեակը, յարգելով ու յիշելով պատերազմներու ընթացքին զոհուած զինուորները։ Սոյն գրութեամբ կը հրաւիրեմ աշխարհացրիւ հայերը յիշելու եւ յարգելու յիշատակը Ցեղասպանութեան որբերուն, որոնց անզուգական կամքի ոյժին կը պարտինք մեր գոյութիւնը այսօր։

Մօրս առաջին նկարը – Մուսուլ, 1918, նկարիչի մը խանութը, Անգլիացի զինուորի մը հետ։ Մեծ մայրս յաճախ հետը կը տանէր զինք մօրաքրոջս կողմէ կարուած յաճախորդներու ապսպրած հագուստները յանձնելու՝ յուսալով որ անոնք ուտելիք կու տան երեխային։

Մօրս նկարներէն – Հալէպ՝ Ամերիկեան Նպաստամատոյց Գաղթականաց Վարժարանի (Near East Relief) հովանաւորած որբեր։ Մայրս վերջընթեր շարքին է, մեծ ժապաւէնով աղջկան դիմացը՝ անոր աջին։

 Հայրս՝ որբանոցի ընկերներու հետ. ոտքի՝ ձախին։

Հայրս՝ Արարատեան որբանոցի մէջ. երկրորդ շարք՝ աջին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին