Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԳԷՈՐԳ ՅՈՎՍԷՓ ԳՈՅԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գէորգ Յովսէփ Գոյեան (Տէր-Նիկողոսեան), (10 Նոյեմբեր 1901, Թիֆլիս – 24 Փետրուար 1982, Մոսկուա), թատերագէտ, ԽՍՀՄ արուեստի վաստակաւոր գործիչ։

ԽՄԿԿ անդամ 1930 թուականէն։ 1935 թուականին աւարտած է Մոսկուայի Լունաչարսքիի անուան թատերական հիմնարկի թատերագիտական բաժինը։ 1936 թուականէն նոյն հիմնարկի դասախօս, 1949 թուականէն՝ փրոՖէսոր, 1958 թուականէն՝ ԽՍՀՄ Ժողովուրդներու թատրոնի պատմութեան ամպիոնի վարիչ։ Աշխատութիւններէն են՝ «Ռուսական թատրոնի պատմութիւնը 17-19-րդ դարերուն», «Ռուսական թատրոնի զարգացման ուղին» եւ այլն: 1944 թուականին Երեւանի մէջ մասնակցած է թատերական հիմնարկի հիմնադրման եւ դասաւանդած մինչեւ 1949 թուականը։ 1952 թուականին Մոսկուայի մէջ լոյս ընծայած է համաշխարհային թատրոնի պատմութեան եւ հայագիտութեան ասպարէզին մէջ կարեւոր աւանդ ներկայացնող՝ «Հայ թատրոնի 2000 տարին» երկհատոր աշխատութիւնը։ 1970 թուականին հայերէն հրատարակուած է «Ո՛րն է ազգային թատրոնը» յօդուածներու ժողովածուն՝ նուիրուած ԽՍՀՄ ժողովուրդներու թատերական մշակոյթի զարգացման հարցերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին