Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԳԵՐՍԱՄ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերսամ Ահարոնեան (9 Նոյեմբեր 1916, Մարաշ – 20 Յունուար 1981, Պէյրութ), լիբանանահայ խմբագիր, հրապարակագիր, մանկավարժ, ազգային-քաղաքական գործիչ։

Գերսամ Փանոսի Ահարոնեան ծնած է 9 Նոյեմբեր 1916ին Մարաշ, զէյթունցի ընտանիքի մէջ։ Եղբայրն է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենի նախագահ Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանի։

Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ընտանեօք կ’ապաստանին նախ Ատանա, ապա՝ Ալեքսանտրէթ, ուրկէ կը տեղափոխուին Հալէպ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի, իսկ երկրորդականը՝ Ալեփփօ գոլէճի մէջ 1929էն 1935: 1935էն 1937 կ’ուսանի Կիպրոսի մելգոնեան կրթական հաստատութեան վարժապետանոցի բաժինին մէջ՝ տեսուչ ունենալով Վահան Թէքէեանը, իսկ տնօրէն՝ Դոկտ. Յակոբ Թոփճեանը։ Աւարտելէն ետք, մինչեւ 1942 կը դասաւանդէ նոյն հաստատութեան մէջ։

Պէյրութ վերադառնալով, ան կը դառնայ British Missionի մամլոյ կցորդ, միեւնոյն ժամանակ միջազգային եւ Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ, գրեթէ 30 տարի: 1966էն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄի Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն ներս՝ դասաւանդելով Հայոց պատմութիւն եւ Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն։

1948ին կը ստանձնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը, որ կը վարէ մինչեւ մահը՝ 1981:

1969ին Նիւ Եորքի միջազգային ակադեմիան Գ. Ահարոնեանին կը շնորհէ պատուակալ դոկտորի կոչում։ Գերսամ Ահարոնեան կը մահանայ 1981 Յունուար 20ին Պէյրութ։

 

Ազգային գործունէութիւն

1942ին Գերսամ Ահարոնեան կ’անդամակցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան։ Տարբեր տարիներու եւ տարբեր հանգամանքներով անդամակցած է ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնական վարչութեան։

Ահարոնեան հիմնադիրներէն է նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (1947):

Անդամակցած է նաեւ ՀԲԸՄի Լիբանանի կրթական յանձնախումբին, որուն ատենադպիրը եղած է երկար տարիներ։

 

Հեղինակած գիրքեր

 

«Մեծ երազի ճամբուն վրայ», 1964

«Յուշամատեան Մեծ եղեռնի 1915-1965» (խմբագրակից՝ Նազարէթ Թօփալեան), 1965, 1987

«Հայկական հարցի արաբ ժողովուրդի հանրային կարծիքին առջեւ», (արաբերէն) 1965

«Խոհեր յիսնամեակի աւարտին («Զարթօնք»ի խմբագրականներու շարք», 1966

«ՌԱԿի խօսքը», 1971

«Հատընտիր խմբագրականներու», կազմեց՝ Անդրանիկ Տագէսեան, 1996

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին