«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խալիմաթ Բաշչի Բայրամուկովա (իսկական ազգանունը՝ Քուպանովա, 15 Օգոստոս 1917 – 8 Նոյեմբեր 1996), բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ (1939 թուականէն)։
Ծնած է 1917 թուականի Օգոստոս 15ին Կարաչա-Չերքեզական Հանրապետութեան Խուրզուկի մէջ։ Սորված է մանկավարժական հիմնարկի մէջ, այնուհետեւ աւարտած է Մ. Կորքիի անուան գրական հիմնարկը եւ գրական բարձրագոյն դասընթացքները Մոսկուայի մէջ։
14 բանաստեղծական հաւաքածոներու, չորս վէպերու, հինգ պատմուածքներու եւ բազմաթիւ վիպակներու, չորս հրապարակախօսական գիրքերու, «Վերջին աքսորեալ» առաջին ազգային օփերայի խօսքերուն հեղինակն է, ինչպէս նաեւ առաջին կարաչայական երաժշտական կատակերգութեան՝ «Անազգանուն հարս»ի։ Բայրամուկովայի աշխատութիւնները հրատարակուած են աշխարհի մօտ 50 լեզուներով։
Մահացած է 1996ի Նոյեմբեր 8ին։