«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարիա Ճէյքոպսըն (դան․՝ Maria Jacobsen, 6 Նոյեմբեր 1882, Սիիմ, Դանիա – 6 Ապրիլ 1960, Պիպլոս, Լիբանան), դանիացի բարեգործուհի։ Մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ։
Մարիա Ճէյքըպսըն առաջին անգամ լսած է Հայաստանի եւ հայերու մասին 1895 թուականին՝ կոտորածներուն նուիրուած բանախօսութեան մը ժամանակ։ 1907ին ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերութեան բարեգործներու հետ մեկնած է Կ. Պոլիս, ապա՝ Խարբերդ։ Տեսնելով հայերու տառապանքը եւ որբերուն անմխիթար վիճակը՝ Մարիա Ճէյքոպսընը միւս բարեգործներուն հետ (Քարէն Եփփէ, Քարէն Փիթըրսոն, օրիորդ Պլեք, տիկին Կրունհակըն, Ճեսսի Հորթ եւ ուրիշներ) Խարբերդ, Մալաթիա, Այնթապ եւ ուրիշ քաղաքներ հիմնած է որբանոցներ եւ հիւանդանոցներ։
1912-1914 թուականներուն բարեգործական առաքելութեամբ եղած է Դանիոյ մէջ։ 1915ի նախօրէին վերադարձած է Խարբերդ, ականատես դառնալով թրքական խժդժութիւններուն եւ հայերու աքսորին։ 1919ին վերադարձած է Դանիա։
Երբ քեմալական կառավարութիւնը Թուրքիայէն վտարած է բոլոր եւրոպական եւ ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւնները, Մարիա Ճէյքոպսըն զրկուած է հոն ողջ մնացած հայերուն օգնելու հնարաւորութենէն եւ, մեկնելով Լիբանան, զբաղած է որբահաւաքով։ 1922ին Սայտայի մէջ բացած է «Թռչնոց բոյն» որբանոցը (որբուհիներու համար)։
1928ին որբանոցը փոխադրուած է Պէյրութի մերձակայ Ժպէյլ աւանը։ Ճէյքոպսըն, փրկելով, խնամելով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ կրթելով հազարաւոր որբ-որբուհիներ, արժանացած է «Մամա» անունին։ Մարիա Ճէյքոպսըն մահացած է 6 Ապրիլ 1960ին եւ, ըստ իր ցանկութեան, թաղուած է «Թռչնոց բոյն» որբանոցի բակին մէջ։
2010ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը ստացած է Մարիա Ճէյքոպսընի արխիւին մէկ մասը՝անձնական իրեր, մինչ այդ չհրապարակուած լուսանկարներ, զեկոյցներ, բացիկներ եւ այլն։