«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարթին Լութեր (գերմաներէն՝ Martin Luther, 1 Նոյեմբեր 1483, Էյսլեպեն – 8 Փետրուար 1546, Էյսլեպեն), գերմանացի աստուածաբան, վանական եւ եկեղեցիի բարեփոխիչ: Ան հիմը դրած է բողոքականութեան: Յայտնի է միայն հաւատքով արդարացման վարդապետութեամբ եւ յայտնութեան Քրիստոսակեդրոն ընկալմամբ:
Ան առաջինն էր, որ Աստուածաշունչը լատիներենէ թարգմանեց գերմաներէնի: Լութեր կը պնդէր, որ Սուրբ գիրքը հանրութեան գիրք է, որ պիտի կարդան բոլորը:
Ըստ Մարթին Լութերի՝ հոգեւոր փրկութիւնը կարելի է միայն հաւատքի միջոցով, քանի ոչ ոք կաթողիկէ եկեղեցիի կարիքը ունի, եւ անկախ ընկերային ծագումէն ու դիրքէն՝ բոլորը անառարկելիօրէն պէտք է ենթարկուին Աստուծոյ: Մարդոցմէ ոչ ոք առաւելութիւն ունի ուրիշին բաղդատմամբ, հետեւաբար բոլոր խաւերը, անոնց կարգին՝ հոգեւորականութիւնը հաւասար են: Սա իրաւահաւասարութեան սկզբունքի բուրժուական առաջին ձեւակերպումներէն մէկն է: