«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –Սիւննի բարձրաստիճան կրօնաւորներու խորհուրդը Չորեքշաբթի զգուշացուց հնարովի խոչընդոտներէ, որոնք միտուած էին արգելակելու կառավարութեան կազմաւորման ուղղուած վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի ջանքերը: Այս մասին խորհուրդը յայտնեց մուֆթի շէյխ Ապտըլ Լաթիֆի գլխաւորած հանդիպումէն ետք:
«Ասոնք ուղղակի փորձեր են արգելակելու վարչապետի պաշտօնակատարի ջանքերը եւ յետաձգելու նոր կառավարութեան կազմաւորումը»,- հանդիպումէն ետք շեշտեց բարձրաստիճան կրօնաւորներէն մէկը: