Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ

 «ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լեռ Կամսար (Արամ Թովմասեան) (24 Հոկտեմբեր 1888, Վան – 22 Նոյեմբեր 1965, Երեւան), գրող, երգիծաբան։

Ծնած է Վան, հոգեւորական ընտանիքի մէջ։ Վանի Երեմեան վարժարանի, ապա Էջմիածինի ճեմարանին մէջ եղած է փայլուն ուսանող։ Ճեմարանաւարտ՝ վերադարձած է Վան 1909ին, դասաւանդած է հայոց լեզու եւ գրականութիւն տեղւոյն Կեդր․ վարժարանին մէջ։ Աշխատակցած է նաեւ «Աշխատանք» թերթին՝ երգիծական իր առաջին գրութիւններով։

1915ին գործուն մասնակցութիւն բերած է Վանի ինքնապաշտպանութեան յաղթական կռիւներուն։ Ռուսական բանակին նահանջին հետ կը հարկադրուի ընտանեօք գաղթել Երեւան։ Հոն կրկին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, միւս կողմէ՝ Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի թերթերուն մէջ կը շարունակէ հրատարակել երգիծական գրութիւններ, որոնք հանրութեան ուշադրութիւնը կը գրաւեն։

1920ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կ’անցնի Պարսկաստան, բայց յաջորդ տարին կը վերադառնայ ու կը հրաւիրուի աշխատելու «Խորհրդային Հայաստան»ի թերթին մէջ:

1924ին լոյս կը տեսնէ իր առաջին հատորը։

1935ի հալածանքներուն Երեւանի մէջ կը բանտարկուի տարի մը, ապա երկուքուկէս տարի կ’աքսորուի Սիպերիա։ Վերադարձին ներքին աքսորով կը ղրկուի Սեւանի լեռնային շրջանները, ուր կը զբաղի մեղուաբուծութեամբ մինչեւ 1953:

Կեանքին վերջին տասնամեակին կը վերադառնայ Երեւան, աշխատակցութիւն կը բերէ «Ոզնի» երգիծաթերթին (կը գրէ տոմսեր՝ ընդունուած, առօրեայ մանր նիւթերով): Լոյս կ’ընծայէ հատոր մը եւս։ Կը մահանայ Երեւան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին