«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան անցնող Կիրակին անցուցած է Արցախի մէջ: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ներկայ եղած է Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան նուիրուած «Բերքի տօն» տօնավաճառին, ուր ներկայացուած են Արցախի մշակոյթը, բերքն ու բարիքը։
Նախագահ Սարգսեան շրջած է տաղաւարներուն մէջ, զրուցած իրենց արտադրանքը ներկայացնող գիւղացիներուն եւ տօնավաճառի այցելուներուն հետ, վայելած արցախցիի հիւրասիրութիւնը: