ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Արցախի Հանրապետութեան մէջ ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակին կը նշուի որպէս Գիւղատնտեսութեան կամ գիւղատնտեսի օր, որուն ժամանակ կը կազմակերպուի բերքի ցուցահանդէս-տօնավաճառ: Ամէնամեայ փառատօնը կը կազմակերպուի ԱՀ տնտեսութեան նախարարութեան ջանքերով եւ նպատակն է Արցախը աւելի ճանաչելի դարձնել աշխարհին, գրաւել զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը ու վերջ ի վերջոյ հնարաւորինս օգնել գիւղացիներուն, որպէսզի կարենան վաճառել իրենց արտադրանքը, զորս շատ մը պարագաներու կը մշակեն հակառակորդի կրակոցներուն ներքոյ:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ աւելի քան 700 տաղաւար յատկացուած է գիւղացիներուն, գործարարներուն, Արցախի տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներուն իրենց անարատ ու տնտեսապէս մաքուր ապրանքը ցուցադրելու եւ վաճառելու համար: Ստեփանակերտի կեդրոնական հատուածը մէկ օր առաջ կը փակուի, կը նախապատաստուին մեծ միջոցառումին, պէտք է զայն պատուով կատարել: Վերածնունդի հրապարակին մէջ ամբողջ օրը մարդոց հոսքը չի դադրիր:
Տօնին տաղաւարներով կը շրջի նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը եւ այլք:
Հայրենասիրական երաժշտութեամբ, հայկական խորովածի հոտով, արցախեան աւանդական կուրկուտի համով կը գրաւուի ոեւէ զբօսաշրջիկ: Ի դէպ, կուրկուտը Արցախի մէջ կը պատաստեն տարբեր ձեւով, այսինքն՝ ամէն մէկը պատրաստելու իր գաղտնիքը ունի: Կուրկուտի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ է տաւարի կամ սագի միս՝ ըստ ցանկութեան ու ճաշակի, ինչպէս նաեւ ըստ բնակավայրի, ցորեն, ջուր եւ աղ. անմահական համը կ’երաշխաւորուի: Արցախի մէջ աւանդոյթ կայ՝ հարսանիքներու ժամանակ փեսայի ընկերներուն, նախքան հարսի տունը երթալը, կուրկուտ կը հիւրասիրեն: Ինչ խօսք, Արցախը աւանդոյթներով հարուստ երկիր է:
Վերադառնալով բերքի փառատօնին՝ նշենք, որ հազարաւոր մարդիկ այդ օրը յատուկ կ’այցելեն Արցախ՝ մասնակցելու փառատօնին, գնելու Արցախի բերքն ու բարիքը, յուշանուէրներ, համտեսելու ժենգիալով հաց եւ այլն:
Տաղաւարներէն իւրաքանչիւրը աւելի գրաւիչ դարձնելու համար անիկա կը զարդարուի մշակութային աւանդական արժէքներ ստեղծող զարդարանքներով: Տօնավաճառին կարելի է գտնել նոյնիսկ այնպիսի իրեր, որոնք կրնան մանկութիւնը յիշեցնել: Ցուցահանդէս-վաճառքի ընթացքին կարելի է համտեսել պատրաստի ուտեստներ՝ խորոված, խաշլամա, կուրկուտ, վայելել արցախեան գինին ու մշակութային համոյթներու կատարումները:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառի մասնակից գիւղացիները կը նշէին, որ տարուէ-տարի տօնը աւելի մեծ շուքով կը նշեն, տաղաւարներու թիւը կ’աւելնայ: Ճիշդ է, կը պատահի, որ բերքը առատ չէ, ներկայացնելու, վաճառելու շատ բան չկայ, սակայն ատիկա չի խանգարեր, որ մասնակցին փառատօնին: Գիւղացիները կը կարեւորեն նման ցուցահանդէս-վաճառքներու կազմակերպումը: Կ’ըսեն, որ դուրսէն եկող մարդիկ կ’ուզեն անարատ արտադրանք գնել, իսկ զբօսաշրջիկներուն համար նոյնիսկ զարմանալի կը թուի նման պատկեր տեսնելը:
Փառատօնի ժամանակ Արցախի աւանդական ժենգիալով հաց համտեսել փափաքողներու թիւը նոյնպէս, սովորաբար, մեծ կ’ըլլայ: Արցախցի կինը կը յաջողէր պատուէրները ժամանակին պատրաստել, որպէսզի բոլորը գոհ մնային նոյնիսկ սպասարկումէն: Մեր աչքէն չվրիպեցաւ արցախցի Ծովիկ տատիկը, որ գնումներ կատարած էր ու ծանր-ծանր տոպրակներով կը մօտենար վերջնակէտին՝ ձուկի տաղաւարին, ուր զինքը բաւական ջերմ ընդունեցին ու ճանապարհեցին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեաննալ անցնող Կիրակին անցուցած էր Արցախի մէջ մասնակցելուհամար Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցող Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան նուիրուած «Բերքի տօն» տօնավաճառին:
Արցախեան բերքի փառատօնը պէտք է գոնէ մէկ անգամ սեփական աչքով տեսնել:
տեսերիզը դիտել սեղմելով հետեւեալ կապին վրայ՝