Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Անյայտ Անձ Մը Սպառնացած Է Պայթեցնել Անգարայի Մէջ Իրանի Դեսպանատունը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Անյայտ անձ մը զանգահարած է Անգարայի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ յայտնած, որ ինքը կը պատրաստուի պայթեցնելու դեսպանատան շէնքը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական Daily Sabahը:

Զանգէն անմիջապէս ետք թրքական ոստիկանութիւնը շրջափակած է դեսպանատան շէնքը եւ տարհանած բոլոր աշխատակիցները:

Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանատան շէնքը կը շարունակէ շրջապատուած մնալ ոստիկաններու կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին