«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տիանա Աբգար (Տիանա Աղաբեկ–Աբգարեան, 12 Հոկտեմբեր, 1859, Ռանկուն, Բրիտանական Պուրմա՝ այսօր Եանկոն, Միանմար – 8 Յուլիս, 1937, Եոքոհամա, Ճափոն), գրող, հրապարակախօս, մարդասէր, հասարակական գործիչ եւ դեսպան: 1920-ին Ճափոնի եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ նշանակուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դեսպան:
Կեանքը Կալկաթայի Մէջ
Փոքր տարիքին ընտանիքը հաստատուած է Կալկաթա, ուր հայկական աշխոյժ գաղութ մը գոյութիւն ունէր: Ծնողքը պարսկահայ էր, հայրը՝ Նոր Ջուղա քաղաքէն, իսկ մայրը՝ Շիրազէն։ Ընտանիքին 7 զաւակներէն ամենափոքր էր։ Ուսումը ստացած է Կալկաթայի Ս. Սանդխտեան վարժարանի աղջկանց դպրոցին մէջ։ Ան սահուն կը խօսէր հայերէն, անգլերէն, հինտուներէն եւ ճափոներէն:
1888-ին կ’ամուսնանայ Աբգար Միքայէլ Աբգարին հետ, որուն մօր ընտանիքին արմատները Տիանային մօրը ծննդավայրէն էին։
Աբգարներուն ընտանիքին անդամները մեծանուն առեւտրականներ էին հարաւային եւ ծայրագոյն արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ։
Կեանքը Ճափոնի մէջ
1891-ին երիտասարդ զոյգը կը հաստատուի Ճափոնի Եոքոհամա քաղաքը, ուր կ’ընդլայնէ ընտանեկան առեւտուրի գործունէութիւնը՝ հիմնելով արտահանման-ներածման առեւտրական ընկերութիւն մը։ Տիանա կը զբաղի 3 զաւակներուն դաստիարակութեամբ եւ միաժամանակ կը սկսի գրել։ Յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն անոր գրական եւ պատմագիտական 10 գիրքերը, որոնցմէ 3-ը նուիրուած էին Հայաստանի եւ հայութեան դէմ գործուած բռնութիւններուն, ջարդերուն եւ տեղահանութեան։
Տիանա Աբգար օտար շրջանակներու մէջ համարձակօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին ծանր վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Իր ջանքերուն շնորհիւ էր որ Ճափոնը կ’ըլլայ այն առաջին երկիրներէն, զոր կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը 1920-ին։
Տիանա Աբգար Դեսպան՝ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան
Գնահատելով Տիանա Աբգարին հայրենասիրական գործունէութիւնը՝ այդ օրերուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանճանեանը զինք կը նշանակէ Հայաստանի Ա․Հանրապետութեան Ճափոնի դեսպան եւ Եոքոհամայի հիւպատոս։ Ան մեծ ճիգ կը թափէ Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան ճանաչման համար ու կը յարգուի միջազգային դիւանագիտական շրջանակներէն։ Սակայն չի բաւարարուիր անորմով․ կը զբաղի նաեւ բարեսիրական գործունէութեամբ՝ օգնելով 1915-ի ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներուն:
Ան իր պաշտօնէն կը դադրի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով։
Ամենայն հայոց Գէորգ Ե․ կաթողիկոսը, ըստ արժանւոյն գնահատելով Աբգարի գործունէութիւնը, 1926-ին անոր յատուկ կոնդակ կ’ուղարկէ` հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելու եւ դժուար պահերուն անոր կողքին ըլլալուն համար:
Տիանա Աբգար կը մահանայ Եոքոհամա եւ կը թաղուի Թոքիոյի օտարերկրացիներուն գերեզմանատան մէջ, իր սիրելի ամուսնոյն քով: Անոր դամբանին այժմ հոգ կը տանի Թոքիոյի հայ-ճափոնական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը: